Մանչեսթըր Եունայթըտի արժանթինցի կեդրոնի պաշտպան Լիսանտրօ Մարթինես երկրորդ անգամ ըլլալով վիրաբուժութեան պիտի ենթարկուի:
Ան կրկին վիրաւորած է իր ոտքը, բան մը, որ զինք հեռու պիտի պահէ կանաչ դաշտերէն մօտ 3 ամիս: Եունայթըտ մեծ թիւով պաշտպան վիրաւորներ ունի, ինչպէս` Աարոն Ուան-Պիսաքա (2 ամիս), Թիրել Մալասիա, Լուք Շօ, Սերճիօ Ռեկիոն, մինչ Ռաֆայէլ Վարան ընդհանրապէս «դիւրին» կը վիրաւորուի` զինք դարձնելով անվստահելի:


