Ռէալ Մատրիտի խրուաթ Լուքա Մոտրիչ ըստ երեւոյթին շատ ուրախ չէ վերջին քանի մը մրցումներուն Ռէալի հետ պահեստի աթոռներուն վրայ նստելով:
Իտալացի մարզիչ Քարլօ Անչելոթի յայտնեց, որ Մոտրիչի չմասնակցիլը այդ մրցումներուն պարզապէս թաքթիքական էր: «Խաղցանք մրցակիցներու դէմ, որոնք պաշտպանողական շատ բուռն մրցակցութիւն կը ցուցաբերէին», ըսաւ Անչելոթի:
Նշենք, որ վերջերս, Արժանթինցի Լիոնել Մեսսի, որ միացած էր Մայեմիի Ինթերին, հարցումի մը պատասխանելով յայտնած էր, թէ կը փափաքի իրեն հետ ունենալ Լուքա Մոտրիչը` Ինթեր Մայեմիի ակումբին մէջ: Նշենք, որ Մոտրիչ (38 տարեկան) հաւանաբար իր վերջին եղանակը կը բոլորէ Ռէալ Մատրիտի շապիկով: