Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին խմբապետ, իտալական Ինթեր Միլանի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան յայտարարութեամբ մը ելոյթ ունենալով շնորհակալութիւն յայտնեց «Սի. Էն. Էն.» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին, իր՝ Արցախին աջակցելու միջազգային հանրութեան ուղղուած կոչին անդրադառնալուն համար:
«Շնորհակալութիւն՝ «Սի. Էն. Էն. »-ին, լուսաբանելու համար այն ողբերգութիւնը, որ այժմ տեղի կ’ունենայ Արցախի մէջ: Մարդիկ ցեղասպանութեան կ’ենթարկուին այսօր՝ 2023 թուականին, եւ անոնք յուսահատօրէն մեր օգնութեան կարիքը ունին», ըսաւ հայրենի ֆութպոլիստը: