Աւանի ֆութպոլի ակադեմիայի թեքնիք տնօրէն Արթուր Ոսկանեան իր կատարած յայտարարութեան մէջ ըսաւ, որ կը լքէ իր պաշտօնը՝ երկկողմանի համաձայնութեան գալէ ետք ակադեմիային ղեկավարութեան հետ:
Ան աւելցուց սակայն, որ յառաջիկային պիտի շարունակէ աշխատիլ յանուն հայկական ֆութպոլին:
Նշենք, որ ան ութ ամիսէ ի վեր կը վարէ իր այս պաշտօնը: