Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լիկ-1») 7-րդ հանգրուանի մրցումները բաւական անյաջող եղան երեք զօրաւոր կազմերու, ախոյեան Մանչեսթըր Սիթիի, Լիվըրփուլի եւ Մանչեսթըր Եունայթըտի համար, որոնք պարտութիւններ կրեցին:
Սիթի, որ հիւրը եղաւ Վուլվզին, անկէ կրեց 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը:
Մանչեսթըր քաղաքի երկրորդ խումբը՝ Եունայթըտ, իր դաշտին մէջ 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Քրիսթալ Փալասէն, մինչ Լիվըրփուլ, որ հիւրն էր Թոթենհամին, անկէ կրեց 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը:
Նշենք, որ Մանչեսթըր Սիթիի եւ Լիվըրփուլի համար այս պարտութիւնները եղան տարեշրջանի առաջինը, մինչ Եունայթըտի համար՝ չորրորդը:
Այս հանգրուանէն ետք, այժմ միայն երկու կազմեր՝ Թոթենհամ եւ Արսենալ, կը մնան անպարտելի երկու կազմերը: