Սպանական Աթլեթիքօ Մատրիտին մաս կազմող 34 տարեկան յետսապահ՝ Սեսար Ասփիլիքուեթա, Օսասունայի դաշտին մէջ արձանագրուած յաղթանակին (2-0), որ կ’իյնայ Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա Լիկա») 7-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, պատմական մրցում մը կատարեց:
Ան Եւրոպայի հինգ յառաջատար ֆութպոլի ախոյեանութիւններուն գծով կատարեց իր 500-րդ մրցումը:
Յատկանշականը այն է, որ ան այս նուաճումին հասաւ այն խումբին դէմ, որուն հետ սկսած էր ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը:
Ան իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին մաս կազմած է նաեւ Մարսէյի:
Ան 349 մրցում կատարած է Անգլիոյ մէջ, 104-ը՝ Սպանիոյ մէջ, իսկ 47-ը՝ Ֆրանսայի մէջ: