Քաթալոնիոյ ակումբ Պարսելոնա յոյսով է, որ Անսու Ֆաթի լաւ արդիւնք կու տայ Անգլիոյ Պրայթըն ակումբին հետ: Ֆաթի, որ ժամանակաւոր ձեւով միացած էր Պրայթընի, ոչ թէ Պարսելոնա վերադառնալու համար է, որ իրմէ լաւ խաղալ կը սպասուի, այլ պարզապէս աւելի սուղ գինով «ծախուելու» համար 2024-ին:
Անսու Ֆաթի, որ մեծ յոյսեր ունէր Պարսելոնայի հետ փայլուն օրեր վայելելու, չէր համոզած մարզիչ Չաւին, որ նախընտրեց զայն փոխ տալ Պրայթընի: