Պարսելոնայի յարձակողական ապագան` ապահով ձեռքերու մէջ է: Պարսայի պատանի Լամին Եամալ 3 տարուան պայմանագրութիւն մը պիտի ստորագրէ: Ըստ իտալական մամուլին, պայմանագրութիւնը կը ներառէ 1 միլիառ փաունտի գին մը` չեղեալ ընելու կամ ուրիշ խումբ ազատ փոխանցուելու կարելիութեամբ:
Այս քայլը յայտնօրէն ըսել կ՛ուզէ, թէ Եամալ «ծախու չէ» եւ երկար ժամանակ կրնայ մնալ քաթալոնական ակումբին հետ: Ըստ Ֆապրիցիօ Ռոմանոյի, Եամալ անցեալ ամրան պայմանագրութիւնը Պարսայի հետ ստորագրած է գաղտնօրէն եւ այս շաբաթ պաշտօնական ձեւով պիտի յայտարարուի, ինչպէս պատահեցաւ Կաւիի ժամանակ:
Սպանիոյ եւ Պարսելոնայի պատմութեան ամէնէն կրտսեր ֆութպոլիստը, կը նկատուի մարզիչ Չաւիի կարեւորագոյն մարզիկներէն` 16 տարեկան հասակին: