Նախորդ շաբաթավերջին աւարտին հասաւ Տոհայի պասքեթպոլի միջազգային 2-րդ մրցաշարքը, երբ տեղի ունեցաւ զուտ լիբանանեան աւարտական հանգրուանի մրցումը, Պէյրութի եւ Սաժես Պէյրութի միջեւ:
Արձանագրելով 90-62 արդիւնքով բաւական մեծ յաղթանակ մը՝ Պէյրութ տիրացաւ տիտղոսին, այսպիսով պարտութեան մատնելով այս մրցաշարքի առաջին տիտղոսակիրը, որ նախորդ տարի հանդիսացած էր ախոյեան:
Մրցումին ամէնէն շատ կէտը (19) նշանակեց Պէյրութէն Ալի Մըզհեր (անցեալ տարի՝ Սաժես):
Նշենք, որ նախորդ տարիներուն Սաժեսի մարզիչը եղած Ճօ Ղաթթաս այժմ կը մարզէ Պէյրութը, իսկ Սաժեսի նոր մարզիչն է Ղասսան Սարգիս: