Անգլիոյ ազգային խումբի, ինչպէս նաեւ Մանչեսթըր Սիթիի նախկին յառաջապահ Ֆրենսիս Լի երկար պայքարէ ետք քաղցկեղի դէմ, մահացաւ 79 տարեկան հասակին:
Լի, որ իր ասպարէզը սկսած էր Պոլթըն Ուոնտըրըրզի հետ, 92 կոլ նշանակած է 189 մրցումներու ընթացքին, ապա միացած է Մանչեսթըր Սիթիի, ուր անցուցած էր իր ասպարէզի լաւագոյն օրերը` մասնակցելով 249 մրցումներու եւ նշանակելով 112 կոլ:
Ան Անգլիոյ ազգային խումբին հետ ալ ելոյթ ունեցած է 27 անգամ` նշանակելով 10 կոլ: Ան 1994-1998 եղած է նաեւ Մանչեսթըր Սիթիի տնօրէն:
Ան օգնած է Սիթիին` 1968-ին ախոյեանութեան տիտղոսին, ինչպէս նաեւ 1969-ի Անգլիոյ բաժակի մրցաշարքին եւ 1970-ի Եւրոպայի բաժակակիրներու բաժակի տիտղոսին տիրանալու:


