Պարսելոնայի պաշտպանողական գիծի մարզիկներէն Ալեքս Պալտէ վիրաւորուեցաւ Սկովտիոյ դէմ մրցումին եւ փոխարինուեցաւ:
20 տարեկան Պալտէ, որ շատ լաւ մակարդակի ֆութպոլ կը ցուցաբերէր վերջերս, վիրաւորեց իր սրունքի մկանը եւ միայն 10-12 օր հեռու պիտի մնայ դաշտերէն:
Այս լուրը քիչ մը ուրախացուց Պարսելոնայի մարզիչ Չաւին, որ կը կարծէր, թէ աւելի լուրջ վնասուածք ունի Պալտէ:
Պալտէ կրնայ պատրաստ ըլլալ «Քլասիքօ» խաղին` Ռէալ Մատրիտի դէմ, 28 հոկտեմբերին: Արդէն իսկ ձախ կողմի պաշտպան Մարքոս Ալոնսօ պատրաստ է փոխարինելու Պալտէն, բայց վերադառնալու պարագային Պալտէ կը վերադառնայ հիմնական կազմ:
Արդէն իսկ վերադառնալու ճամբուն վրայ են նախապէս վիրաւորուած Ռոպերթ Լեվանտովսքի եւ միջնապահ Փետրի: Քիչ մը աւելի ուշ կրնայ ըլլալ վերադարձը Ռաֆինիայի, Ֆրենքի տը Եոնկի եւ Ժիւլ Քունտէի: