Պրազիլցի ֆութպոլիստ Ռոտրիկօ շատ գոհ չէ, երբ Ռէալ Մատրիտի հետ խաղայ «թիւ 9» յառաջապահի դիրքին վրայ, բայց գիտէ նաեւ, որ մարզիչ Քարլօ Անչելոթթի այլ ընտրանք չունի:
Քարիմ Պենզեմայի հեռանալէն ետք, թիւ 9 դիրքին վրայ մարզիկ չունեցող Ռէալ ստիպուեցաւ Ռոտրիկոն աջ կողմէն կեդրոն բերել իբրեւ կեդրոնի յառաջապահ:
Ան նախապէս 4-3-3 խաղաձեւի աջ կողմի յառաջապահ կամ ուինկ կը խաղար, բայց երբ Անչելոթթի որդեգրեց 4-4-2 խաղաձեւը, Վինիշըսի հետ յառաջապահ դիրքի վրայ սկսաւ խաղալ:
«Պրազիլի ազգային խումբին հետ աւելի ազատ կը խաղամ, երբ կ՛օգնեմ յառաջապահներուն, բայց ստիպուած եմ ակումբիս պահանջները գործադրել», կ՛ըսէ Ռոտրիկօ: