Գերմանիոյ ազգային խումբի երիտասարդ մարզիչ Եուլիան Նակըլզման (36 տարեկան), որ իր առաջին մրցումը ունեցաւ` փոխարինելէ ետք Հանս Տիթըր Ֆլիքը, 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Միացեալ Նահանգներու դէմ մրցումին` Իսթ Հաթֆորտի մէջ:
Քրիսթիան Փուլիշիչ նշանակեց Ամերիկայի եւ մրցումին առաջին կոլը, Կիւնտողան, Ֆիւլքրուկ եւ Մուսիալա նշանակեցին Գերմանիոյ կոլերը: Համեմատաբար աւելի յարձակողական ֆութպոլ կը խաղան Նակըլզմանի տղաքը, բայց յաջորդ խաղերուն աւելի յստակ կ՛ըլլայ, թէ հարցը մարզիչի՞ հարց է, թէ՞ որակաւոր մարզիկներու պակաս կայ:
Գերմանիա, որ Եւրօ 2024-ի կազմակերպիչն է, լաւ օրերու մէջ չէ եւ բարեկամական մրցումներով է, որ միայն կրնայ պատրաստուիլ Եւրոպայի ախոյեանութեան: