Լոնտոնի Արսենալ ակումբի նախկին ֆութպոլիստ Ճեք Ուիլշիր, բանակցութիւններ կը տանի ամերիկեան «Էմ. Էլ. Էս.»-ի Քոլորատօ Ռեփիտս խումբը մարզելու առնչութեամբ:
Անգլիոյ ազգային խումբի նախկին ֆութպոլիստ Ուիլշիր Արսենալի 18 տարեկանէն վար խումբի մարզիչն է այժմ: Քոլորատօ Ռեփիտս կը պատկանի Քրէօնքը Սփորթս եւ Ինթըրթէյնմընթ Կրուփս ընկերութիւններուն որոնց կը պատկանի նաեւ Արսենալը: Անցեալ ամիս ամերիկեան ակումբը, մարզիչ Ռոպին Ֆրէյզըրի հետ խզեց իր պայմանագրութիւնը, խումբին վատ արդիւնքներէն ետք:
Կը նշուի, որ Ուիլշիր լաւ տպաւորութիւն ձգած է վերջերս եւ Ռեփիտս կ՛ուզէ մօտիկ ապագային Ուիլշիրը ակումբին մէջ: Նշենք, որ այժմ առժամաբար խումբը կը մարզէ Քրիս Լիթըլ, մինչեւ վերջնական մարզիչի մը նշանակումը: