Աթլեթիքօ Մատրիտի յառաջապահ Ալվարօ Մորաթա յայտնեց, որ ամրան երկու անգամ երկարաձգեր է պայմանագրութիւնը ակումբին հետ:
«Այս ամառ երկու անգամ երկարաձգեցի պայմանագիրս Աթլեթիքոյի հետ: Ես հեռանալու աւելի մօտ էի, բայց Սիմէոնէի հետ խօսելէ ետք հասկցայ, որ կարելի չէր ատիկա: Ես կ՛երազեմ Աթլեթիքոյի հետ տիտղոս շահիլ», ըսաւ ան:
Ան 12 տարեկանին սկսած էր Աթլեթիքոյի հետ, բայց 2 տարի ետք փոխադրուած էր Կեթաֆէ, ապա 16 տարեկանին Ռէալ Մատրիտ` մինչեւ 2014: Ան 2014-2016 եղած է Եուվենթուսի մարզիկ, ուր 64 մրցումներու ընթացքին 15 կոլ նշանակած է, ապա վերադարձած Ռէալ, 2017-ին` Չելսի, հոնկէ փոխ տրուեցաւ Աթլեթիքոյի, ապա վերադարձ` Եուվէ, 2020-2022: Ան 2014-էն ի վեր մաս կը կազմէ Սպանիոյ ազգային խումբին, կատարած է 66 մրցում, նշանակած` 33 կոլ: