Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էն. Պի. Էյ.» Որո՞նք Են «Էն. Պի. Էյ.»-ի Լաւագոյն 10 Դասուած Մարզիկները 2023-2024

Հոկտեմբեր 16, 2023
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թիւ 10- Անթոնի Տէյվիս. Անցեալ տարեշրջանը Տէյվիսի համար վերածնունդի նշանակութիւն ունէր, երբ կրցաւ իր ասպարէզի ամէնէն լաւ կէտերու համեմատութիւնը նշանակել (56 առ հարիւր) եւ 12,5 ռիպաունտ միջին հաշուով: Եւ իբրեւ նուէր ստացաւ երկարաձգումի պայմանագրութիւն մը` 3 տարուան, 186 միլիոն տոլարով:

30 տարեկան Տէյվիս 2020-ին Լոս Անճելըս Լէյքըրզի հետ շահելէ ետք «Էն. Պի. Էյ.»-ի ախոյեանութիւնը, 2 յաջորդական տարեշրջաններ գրեթէ վիրաւոր ըլլալով բազմաթիւ մրցումներէ բացակայեցաւ, բայց այս յունուարէն ի վեր ան մրցումէ մը նոյնիսկ չբացակայեցաւ: Եթէ վերյիշենք Տէյվիսի լաւագոյն մրցանիշը Ուաշինկթընի դէմ (55 կէտ 17 ռիպաունտ), Միլուոքի Պաքսի դէմ (44 կէտ, 10 ռիպաունտ եւ 3 պլոք` Եանիս Անթեթոքումփոյի վրայ) եւ Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզի դէմ (30 կէտ 23 ռիպաունտ), կրնանք գիտնալ, թէ ինչո՛ւ Տէյվիս «Էն. Պի. Էյ.»-ի լաւագոյններէն է թէ՛ յարձակումի եւ թէ՛ պաշտպանելու պարագային:

Թիւ 9- Լըպրոն Ճէյմս. Անցեալ տարեշրջանին 27 մրցումներէ բաղկացած Ճէյմս, կը շարունակէ չար բախտը պատճառաբանել իր մարմնին վնասուածներուն համար: Ան Լէյքըրզին միանալէ ի վեր 389 մրցումներէն միայն 278-ին մասնակցած է: Բնական է, որ 38 տարեկան աթլեթին մարմինը այս տարիքին աւելի ուշ ինքզինք գտնէ, բայց բոլորը գիտեն, որքան լաւ պասքեթպոլ խաղցող մըն է Քինկ Ճէյմս (իր տիտղոսը` թագաւոր): Ան այս տարեշրջանին պիտի դառնայ «Էն. Պի. Էյ.»-ի պատմութեան 6-րդ մարզիկը, որ կը մասնակցի 21-րդ տարեշրջանին:

Վերջերս հարցումի մը պատասխանելով Ճէյմս յայտնեց, թէ ասպարէզը լքելու մասին բնաւ չի մտածեր եւ տակաւին ինքզինք աւելի լաւ կը կարծէ «Էն. Պի. Էյ.»-ի մնացեալ մարզիկներուն 90 տոկոսէն… «հաւանաբար ալ 95 տոկոսէն», ըսաւ ինքնավստահ Ճէյմս:

Եթէ այս տարեշրջանի աւարտին ան կարողանայ 5-րդ տիտղոս մըն ալ շահիլ, կրնայ պատմութեան լաւագոյնը ըլլալ, ըստ կարգ մը մասնագէտներու:

Թիւ 8- Շէյ Կիլճիյըս Ալեքսանտր. Օքլահոմա Սիթի Թանտըրի փոյնթ կարտ Շէյ, իր ասպարէզի լաւագոյն օրերուն մէջ կը գտնուի: 31,4 կէտ միջին հաշուով եւ 51% տոկոս կէտ նշանակելու հաւանականութիւն: Իրմէ երիտասարդ մարզիկներ ունենալով իր մօտ, Թանտըր անցեալ տարեշրջանին շատ լաւ արդիւնքներ արձանագրեց եւ փլէյ օֆի հասնելու վերջին հանգրուանի ալ հասաւ:

25 տարեկան Շէյ դժուար թէ աւելի բարձրանայ դիրքերուն մէջ` նկատի ունենալով, որ նոյն դիրքին վրայ կան խաղցողներ, որոնք բաւական լաւ 3 կէտի տոկոսային համեմատութիւն ունին:

Թիւ7- Քեւըն Տիւրընթ (Ֆէօնիքս Սանզ). 35 տարեկան ամոլ ֆորուըրտ դիրքի վրայ այս աստղը միայն 8 մրցումներ կատարեց բնական ախոյեանութեան մինչեւ փլէյ օֆի պարտութիւնը` ախոյեան Տենվըր Նակեթցի դէմ: 2021-ին թիւ 1 դասուած Տիւրընթ (այդ տարին` Պրուքլինի հետ) ամբողջական մարզիկ մըն է, որ 61 տոկոս 3 կէտ ալ կը նշանակէ եւ լաւ կը պաշտպանէ: Ֆէօնիքս, ինչպէս անցեալ տարի, այս տարի ալ թեկնածու է տիտղոսին… Անշուշտ եթէ Տիւրընթ առողջ ըլլայ:

Թիւ 6- Ճէյսըն Թէյթըմ (Պոսթըն Սելթիքս). 25 տարեկան Թէյթըմ սմոլ ֆորուըրտ դիրքի վրայ կը խաղայ, եւ 4-րդ անգամ ըլլալով Օլ-սթարզ մրցումին մասնակցեցաւ: Ան 2-րդ անգամ ըլլալով առաջին 5-ին մէջ եւ Օլ-սթարզի «Էմ. Վի. Փի.» (լաւագոյն մարզիկ): Բայց այս տարի ալ Պոսթընի ախոյեանութեան երազը չիրականացաւ, երբ դուրս մնաց Արեւելեան շրջանի աւարտականէն` Մայեմի Հիթին դէմ մրցումին պարտուելով (4-3):

Թիւ 5- Սթեֆըն Քըրի (կոլտըն սթէյթ). 35 տարեկան փոյնթ կարտը ունեցաւ իր լաւագոյն բնական ախոյեանութիւնը (Նիքոլա Եոքիչի կողքին) եւ անպայման պիտի փորձէ փլէյ օֆին ալ լաւ արդիւնք տալ: Հակառակ անոր որ ան 3-րդ տարին ըլլալով 3 կէտերու լաւագոյն նշանակող մարզիկն էր, բայց իր խմբակիցները շատ չկրցան օգնել իրեն` աւելի լաւ խմբային խաղարկութիւն կիրարկելու: 2 անգամ ալ վիրաւորուելով 82 մրցումներէն միայն 56-ին մասնակցեցաւ Քըրի:

Նախապէս 2 անգամ «Էմ. Վի. Փի.»-ն շահած Քըրի միջին հաշուով 29, 1 կէտ նշանակեց անցեալ տարեշրջանին, եւ այս տարեշրջանին իբրեւ խմբակից ունենալով Քրիս Փոլը, կրնայ շատ աւելի առիթ ունենալ «ճեղքելու» եւ հեռուէն 3 կէտնոց գնդակներ նետելու… անշուշտ եթէ առողջ մնայ:

Թիւ 4- Լուքա Տոնչիչ. (Տալաս Մաւրիքս). 24 տարեկան սլովենիացի փոյնթ կարտ Տոնչիչ 4 տարիէ Օլ-սթարզ խաղին կը մասնակցի: Ան այժմ լաւագոյն յարձակողական մարզիկն է «Էն. Պի. Էյ.»-ի, ունի յատկութիւններ, ուժ եւ պասքեթպոլի հոգեբանութիւն: Անցեալ տարի շատ լաւ ձեւով սկսելէ ետք, Տալաս Մաւրիքս ձեռք ձգեց Քայրի Ըրվինկը, սակայն մինչեւ «շաղուին» զոյգը` Տալաս ձախողեցաւ հասնիլ փլէյ օֆին: Տոնչիչ 32,4 կէտ, 8,6 ռիպաունտ եւ 8 էսիսթ նշանակեց անցեալ տարեշրջանին:

Թիւ 3- Ժոել Էմպիիտ (Ֆիլատելֆիա 76ըրզ). անցեալ տարեշրջանէն «Էն. Պի. Էյ.»-ի բնական ախոյեանութեան «Էմ. Վի. Փի.»-ն շահած Էմպիիտ, որ սենթըր դիրքի վրայ կը խաղայ, կէտ նշանակող (33,1 կէտ) լաւագոյն մարզիկն էր. սակայն իր խումբը` Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ, ձախող ելոյթ մը ունեցաւ փլէյ օֆի մրցումներուն: Անցեալ տարի Էմպիիտ-Եոքիչ-Անթեթոքումփօ եռեակէն ընտրելը շատ դժուար եղաւ` «Էն. Պի. Էյ.»-ի լաւագոյն մարզիկը ընտրելու, բայց եղանակի աւարտին Եոքիչ փայլեցաւ եւ Տենվըրի հետ դարձաւ ախոյեան:

Թիւ 2- Նիքոլա Եոքիչ (Տենվըր Նակեթց) 28 տարեկան սերպ սենթըրը լաւ ամառ մը անցընելէ ետք, տօնելով ախոյեանութիւնը լաւ ձեւով պիտի փորձէ սկսիլ: Եոքիչ ուրախ կը թուի ըլլալ եւ չի մտածեր նոյնիսկ, թէ ինչո՛ւ բնական ախոյեանութեան ալ «Էմ. Վի. Փի.»-ն չշահեցաւ, երբ թէ՛ կէտերու, թէ՛ ռիպաունտներու եւ թէ՛ էսիսթներու լաւագոյնն էր փլէյ օֆին ալ, ուր Ֆէօնիքս Սանզ, Լոս Անճելըս Լէյքըրզ եւ Մայեմի Հիթ (աւարտականին) չկրցան կասեցնել «սերպ հսկան»:

Վերջերս Պոսթըն Սելթիքսի պատմական մարզիկ Այզիա Թոմաս յայտնեց, որ Եոքիչ պէտք է աշխարհի լաւագոյն պասքեթպոլիստը ըլլայ: Իր մարզիչ Մայքըլ Մալոն ըսաւ. «Եթէ պաշտպանելու կէտերուն վրայ ալ լաւ աշխատի եւ աւելի խիստ որոշումներ տայ թէ ե՛րբ պէտք է 3 կէտ «նետէ», Եոքիչ շատ աւելի մեծ թիւով տիտղոսներ կրնայ շահիլ թէ՛ անհատական եւ թէ՛ խմբային մակարդակներու վրայ»:

Թիւ 1- Եանիս Անթեթոքումփօ (Միլուոքի Պաքս). 28 տարեկան փաուըր ֆորուըրտ Եանիս առաջին անգամ ըլլալով «աստղ» մարզիկ մը կ՛ունենայ այս տարեշրջանին` իր խումբին մէջ: Միշտ Եանիս առանձին կը փորձէր արդիւնք տալ` աւելի համեմատաբար միջակ մակարդակի խմբակիցներ ունենալով:

Եանիս, որ Ուիլթ Չեմպըրլէյնի հետ «Էն. Պի. Էյ.»-ի պատմութեան միակ մարզիկն է, որ առնուազն 30 կէտ, 10 ռիպաունտ եւ 5 էսիսթ կատարեց անցեալ տարեշրջանին, իր խումբը` Միլուոքին առաջնորդելով փլէյ-օֆի թիւ 1 դիրքին վրայ, սակայն առաջին մրցումին իր վիրաւորուելով Միլուոքի դուրս մնաց` պարտուելով Մայեմի Հիթէն:

Անթեթոքումփօ 2-րդ տարին ըլլալով «Էն. Պի. Էյ.»-ի թիւ 1 դասուած մարզիկը ընտրուեցաւ` չնչին առաւելութիւն մը ունենալով Եոքիչի վրայ:

 

 

 

Նախորդը

Ռոնալտօ Եւ Նոր Մրցանիշ Մը

Յաջորդը

Լեռնալիբանանի Ակադեմիաներու Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Անթիլիաս 16 Տարեկանէն Վար` Ախոյեան 14 Տարեկանէն Վար` Փոխախոյեան

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Լեռնալիբանանի Ախոյեանութիւն.  Վաղը` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ռիատի Պարժա
Մարզական

Դ. Դասակարգի Լեռնալիբանանի Ախոյեանութիւն. Վաղը` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ռիատի Պարժա

Յուլիս 12, 2025
ՖԻՖԱ-ի Դասաւորում.  Հայաստան 105-րդ Դիրքի Վրայ
Մարզական

ՖԻՖԱ-ի Դասաւորում. Հայաստան 105-րդ Դիրքի Վրայ

Յուլիս 12, 2025
Եւրոպական Բաժակներ.  Հայկական Խումբերու Ելոյթները` Զտումի Մրցումներուն
Մարզական

Եւրոպական Բաժակներ. Հայկական Խումբերու Ելոյթները` Զտումի Մրցումներուն

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?