Վերջերս շատ կը լսենք Անգլիոյ միջնապահ Ճուտ Պելինկհամի մասին, որ Ռէալ Մատրիտի միանալով 8 մրցումի ընթացքին 8 կոլ նշանակեց:
Տորթմունտի աստղերէն էր ան, բայց Գերմանիոյ Պունտըսլիկան այնքան տարածուած չէ, որքան Ռէալ Մատրիտը կամ Պարսելոնան: Մէկ խօսքով Տորթմունտի անցեալի աստղը այնքան առիթ չունէր փայլելու, որքան Ռէալ Մատրիտի շապիկով:
Վերջերս Մանչեսթըր Եունայթըտի նախկին աստղերէն Փոլ Սքոլզ յայտնեց, որ Պելինկհամ ուրիշ մակարդակի խաղացող մըն է, հակառակ 20 տարեկան ըլլալուն:
ՌԷալի բերդապահ Քեփա հարցումի մը պատասխանելով Պելինկհամի հետ Էմպափէն կամ Հաալանտը բաղդատելու մասին, անմիջապէս ըսաւ, թէ այժմ Պելինկհամ ամէնէն լաւ ֆութպոլիստն է… ոչ միայն կոլ կը նշանակէ, այլ բազմաթիւ կոլերու առիթ ալ կը ստեղծէ իր ընկերներուն: