Մանչեսթըր Եունայթըտ կը մտածէ ձեռք ձգել փորթուգալցի Կոնսալօ Ինասիոն (Սփորթինկ), եթէ կրցաւ «ծախել» Հերի Մաքկուայըրը, մինչ կը սպասուի, որ բաւական տուժէ, երբ «ծախէ» նաեւ Ճէյտոն Սանչոն:
Կլէյզըր ընտանիքը վերջապէս որոշած է ծախել իրենց բաժինը` Եունայթըտէն: Աւելի քան տարի մը առաջ կը սպասուէր, որ Կլէյզըր ընտանիքը խումբէն իր բաժինը ծախէ, որպէսզի ազատօրէն նոր մարզիկներ բերուին` խումբին պահանջները ամբողջացնելու:
Այլ գետնի վրայ, Իտալիոյ անցեալ տարուան ախոյեան Նափոլի կապ պահած է Թոթենհամի նախկին մարզիչ Անթոնիօ Քոնթէի հետ` միանալու համար իրենց… եթէ ձեւ մը կայ ներկայ մարզիչ Ռուտի Կարսիայի հետ «կապը խզելու»: