Սպանիոյ Պարսելոնա ակումբը իր կեդրոնացումը ուղղած է Գերմանիա` Պայեր Լեւերքուզըն ակումբի յարձակող միջնապահ Ֆլորիան Վիրցի վրայ:
Վիրց, որ կը նկատուի Գերմանիոյ ապագայի տաղանդաւոր ֆութպոլիստներէն, 22 տարեկան է, եւ Քէօլնի հետ սկսելէ ետք 3 տարիէ ի վեր մաս կը կազմէ Պայեր Լեւերքուզընի:
Ան յարձակումներու օգնող միջնապահ մըն է, որ կրնայ ձախ կողմն ալ խաղալ, ունի յարձակողական հմտութիւններ եւ անընդհատ կը պայքարի գնդակին հետ:
Ան Լեւերքուզընի հետ 113 մրցում կատարած է` նշանակելով 26 կոլ: 2021-էն ալ մաս կազմած է Գերմանիոյ ազգային խումբին եւ 10 մրցում կատարած է:
Ան 2020-ին շահեցաւ 17-էն վար տարիքային Ֆրից Վալթըր ոսկի մետալը, (որ տարուան լաւագոյն մարզիկին կը տրուի), 2022-ին 19-էն վար տարիքին համար նոյն մրցանակը: 2021-ին շահած է սեպտեմբեր ամսուան լաւագոյն մարզիկի տիտղոսը եւ եղած է 2021-2022 Պունտըսլիկայի (Գերմանիոյ ախոյեանութիւն) լաւագոյն 11-ին (լաւագոյն կազմ) մէջ: 2022-2023 եղանակի «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի Եւրոպայի լիկային ալ լաւագոյն երիտասարդ մարզիկը ընտրուած է:
Սպանիոյ «Մունտօ Տեփորթիւօ» թերթը կը յայտնէ, որ Պարսելոնա կը հետեւի Վիրցի ելոյթներուն: Պէտք է ըսել, որ Պարսա կը հետեւի նաեւ պելճիքացի Արթիւր Վերմեքրենի, որ Անթուերփի հետ լաւ ելոյթներ կ՛ունենայ: 18 տարեկան Վերմեքրեն մաս կը կազմէ Պելճիքայի 21-էն վար ազգային խումբին:


