Տանի Օլմօ կը փափաքի հեռանալ Գերմանիոյ Լայփցիկէն եւ միանալ Պարսելոնային: Ըստ «Սփոթ Պիլտ»-ի, Օլմօ գրեթէ վստահ է, որ յաջորդ եղանակին կը միանայ Սպանիոյ Պարսելոնային:
Նախապէս Պարսայի մարզիչ Չաւի տեսնուած էր Օլմոյի հետ եւ փորձած համոզել զինք, սակայն անցեալ ամառ ան երկարաձգած էր իր պայմանագրութիւնը Լայփցիկի հետ` մինչեւ 2027: Իր փոխհատուցման գումարը 60-65 միլիոն եւրօ է, իսկ այժմ հարց կը դրուի, թէ Պարսելոնա որքանո՛վ կարիքը ունի Օլմոյի: