Նիւ Եորք Լիպըրթի, որ աղջկանց «Էն. Պի. Էյ.»-ի աւարտական առաջին երկու մրցումներուն շատ «դիւրին» ձեւով տեղի տուած էր Լաս Վեկաս Էյսըզի առջեւ, կրցաւ 87-73 արդիւնքով յաղթել 3-րդ ճակատումին եւ ստիպել 4-րդ մրցումի մը:
«Պայքարեցանք եւ գտանք մեր ճիշդ դիմագիծը: Մենք շատ աւելի լաւ խումբ մըն ենք, քան ինչ որ էինք առաջին երկու մրցումներուն», ըսաւ Լիպըրթիի մարզիչ Սենտի Պրոնտելլօ:
«Գիտէինք, որ մեր համակիրները մեր ետին էին, եւ Նիւ Եորք պիտի դիտէ եւ քաջալերէ: Եւ այդ մէկը կ՛ուզէինք ընել, իջնել եւ հպարտութեամբ ու սիրտով խաղալ», ըսաւ 2021-ի «Էմ. Վի. Փի.» Ճոնքել Ճոնզ:
Այս մրցումը եղաւ Նիւ Եորքի առաջին յաղթանակը աւարտական մրցումներու գծով` 1999-էն ի վեր: Նիւ Եորք Լիպըրթի միակ խումբն է, որ տակաւին նոյն անունով կը խաղայ եւ ախոյեանութիւն չէ շահած իր պատմութեան ընթացքին: Վերջին անգամ 2002-ին աւարտականի հասած Նիւ Եորքի խումբի խաղին ներկայ էին 17.143 համակիրներ, ինչ որ աղջկանց «Էն. Պի. Էյ.»-ի աւարտականի մրցանիշ նկատուեցաւ:
Բայց պէտք է ըսել, որ աղջկանց «Էն. Պի. Էյ.»-ի պատմութեան մէջ չկայ խումբ մը, որ 2-0 արդիւնքով յառաջանալէ ետք 3-2 արդիւնքով պարտուի:
Ճոնքել Ճոնզ (սենթըր) 27 կէտ եւ 8 ռիպաունտ նշանակեց, մինչ «Էմ. Վի. Փի.» Պրիանա Սթիուըրթ` 20 կէտ եւ 12 ռիպաունտ:
Լաս Վեկաս Էյսըզի լաւագոյն նշանակողն էր Քելսի Փլամ` 29 կէտ: