Իտալիոյ ազգային խումբի մարզիկներ Սանտրօ Թոնալի եւ Նիքոլօ Զանիոլօ լքեցին Իտալիոյ ազգային խումբի գտնուած պանդոկը եւ ուղղուեցան տուն` որովհետեւ դատական հետաքննութիւն կը կատարուի իրենց հանդէպ:
Իտալիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը յայտնեց, որ Թորինոյի մէկ դատարանը հետաքննութիւն կը կատարէ քանի մը ֆութպոլիստներու հետ` ապօրինի գրաւի (պեթինկ) հարցով:
Քանի մը օր առաջ այլ ֆութպոլիստ մը` Եուվէի մարզիկ Նիքոլօ Ֆաճիոլի, կանչուած էր հարցաքննութեան, ապօրինի գրաւներ կատարելու համար, առանց մանրամասնութիւն տալու:
Եթէ գրաւները ֆութպոլի հետ կապ ունենան, ֆութպոլիստ մը մինչեւ 3 տարի կրնայ կախակայուիլ եւ 25.000 եւրօ տուգանքի կ՛ենթարկուի:
Թոնալի եւ Զանիոլօ կը խաղան Անգլիոյ «Փրեմիեր լիկ»-ին մէջ: 23 տարեկան Թոնալի Ա. Սէ. Միլանը լքելով միացաւ Նիւքեսըլին անցեալ յուլիսին, մինչ Ասթոն Վիլա 24 տարեկան Զանիոլոն փոխ առաւ Թուրքիոյ Կալաթասարայէն, օգոստոսին: