Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արաբական Ակումբներու Ախոյեանութիւն Պէյրութ Շահեցաւ Բաժակը Սերժիօ Տարուիշ` «Էմ. Վի. Փի.»

Հոկտեմբեր 14, 2023
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

2023-ի արաբական պասքեթպոլի ակումբներու ախոյեանութիւնը տեղի ունեցաւ Քաթարի մէջ 9 օրուան տեւողութեան վրայ, որուն աւարտին Լիբանանի 2022-ի ախոյեան Պէյրութ 86-75 արդիւնքով յաղթելով Մարոքի Սալէ խումբին, շահեցաւ ախոյեանութեան տիտղոսը:

Կիսաւարտականին Պէյրութ 101-97 արդիւնքով շատ դժուար յաղթանակ մը տարած էր Քուէյթի Քուէյթ ակումբին վրայ, որ անցեալ տարուան ախոյեանն էր:

Յիշեցնենք, որ անցեալ տարուան մրցաշարքին, որ տեղի ունեցած էր Քուէյթի մէջ, նոյն հանգրուանին` կիսաւարտականին, Պէյրութ պարտութիւն մը կրած էր Քուէյթէն, եւ այս տարի լիբանանեան ակումբը կրցաւ անցեալ տարուան պարտութեան վրէժը լուծել:

Պէյրութ այս տարի շատ աւելի լաւ խումբ մըն է` նկատի ունենալով, որ իր կազմին մէջ առած է Սաժեսի մարզիչը` Ճօ Ղաթթաս, եւ մարզիկներ Սերժիօ Տարուիշը, Ալի Մըզհերը եւ Ժան-Մարք Ժարրուժը, բոլորն ալ` Սաժեսէն:

Դ. խմբակին մաս կազմող Պէյրութ Ա. հանգրուանին կրցաւ յաղթել Եգիպտոսի Ահլիին, Իրաքի Տիժլայի համալսարանի խումբին, Մարոքի «Էմ. Թի. Պի.» Մաժտ Թանժա խումբին եւ Լիպիոյ Իթթիհատ Թրիփոլի խումբին, ապա Բ. հանգրուանին դուրս ձգեց Սուրիոյ Ուահտան 121-69, քառորդ աւարտականին` Ալճերիոյ Ու. Ս. Մ. Ալժէ խումբը` 110-78 արդիւնքով:

Պէտք է ըսել, որ այս մրցաշարքին ախոյեան դառնալը Պէյրութի 2-րդ յաջորդական տիտղոսն է 2 ամսուան մէջ: Ան նախապէս Տոհայի պասքեթպոլի մրցաշարքին տիտղոսակիր դարձած էր Սաժեսի հաշուոյն` 90-62 արդիւնքով: Այդ մրցաշարքին (Տոհա) Ալի Մըզհեր լաւագոյն մարզիկը ընտրուած էր (Էմ. Վի. Փի.):

Արաբական խումբերու ախոյեանութեան լաւագոյն մարզիկ ընտրուեցաւ Սերժիօ Տարուիշ, մինչ լաւագոյն 3 կէտ նշանակող մարզիկ ընտրուեցաւ Ժան-Մարք Ժարրուժ:

Նախորդը

ՖԻՖԱ-ի Նախագահ Ինֆանթինօ Ցաւակցական Նամակ Կը Յղէ Պաղեստինի Եւ Իսրայէլի Ֆետերասիոններուն

Յաջորդը

«Թուրքիան Պէտք Է Ընտրէ Եւրոպական Միութեան Ու ՕԹԱՆ-ի՞ Հետ Պիտի Ըլլայ, Թէ՞ Համասի, Իրանի Եւ Ռուսիոյ» Կ՛ըսէ Եւրոպական Յանձնաժողովի Փոխնախագահը

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Յաղթանակով (90-80) Սկսաւ Տարեշրջանը
Մարզական

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Յաղթանակով (90-80) Սկսաւ Տարեշրջանը

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ճիւտօ.  Արզումանեան Ընտանիքէն Երկու Անդամներ Մետալներ Շահեցան
Մարզական

Ճիւտօ. Արզումանեան Ընտանիքէն Երկու Անդամներ Մետալներ Շահեցան

Հոկտեմբեր 22, 2025
Բռնցքամարտ.  Օթար Երանոսեան Ախոյեան
Մարզական

Բռնցքամարտ. Օթար Երանոսեան Ախոյեան

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?