Մարզական

«Էն. Պի. Էյ.». Քայրի Ըրվինկ 44 Կէտ Նշանակեց. Անթեթոքումփօ Եւ Փորթիս Անակնկալի Բերին Սելթիքսը

«Էն. Պի. Էյ.». Քայրի Ըրվինկ 44 Կէտ Նշանակեց. Անթեթոքումփօ Եւ Փորթիս Անակնկալի Բերին Սելթիքսը

«Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումները շարունակուեցան երէկ, եւ Տալաս Մեւրիքս առանց Լուքա Տոնչիչի կրցաւ 128-124 արդիւնքով յաղթել Նիւ Եորք Նիքսին: Քայրի Ըրվինկ, որ մօտ ամիս մը բացակայելէ ետք վերադարձած է լաւ վիճակով, կրցաւ 44 կէտ նշանակել, մինչ Թիմ Հարտըուէյ Ճունիըր աւելցուց 32 կէտ ի նպաստ վիրաւորներով «հարուստ» Տալասի: Ըրվինկ 20 կէտ նշանակեց 3-րդ մասին, եւ Տալաս կը յաղթէր 115-96 արդիւնքով մրցումի...

Ուասլ Մրցաշարք.  Շահրտարի Կորկան – Սաժես 81-68

Ուասլ Մրցաշարք. Շահրտարի Կորկան – Սաժես 81-68

Երէկ, Թեհրանի մէջ, Ուասլի մրցաշարքի Ա. խմբակի մրցումներուն գծով, Լիբանանի ներկայացուցիչ Սաժես 81-68 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Շահրտարի Կորկան խումբէն: Ուիլ Չերի (21 կէտ), Նաւիտ Նաւիտ Ռեզայֆար (13 կէտ), Մոհամետսինա Վահետի (18 կէտ) եւ Նորվել Փել (նախապէս` ՀՄԸՄ-ի սենթըր, 12 կէտ եւ 3 պլոք) եղան իրանեան խումբին լաւագոյնները, մինչ Արսալան Քազեմի 12 ռիպաունտ ձեռք ձգեց: Սաժեսի մարզիկներէն Ահմետ Իպրահիմ 5...

Ըմբշամարտ.  Վազգէն Թեւանեան Կը Շահի Զաղրեպի Մրցաշարքը

Ըմբշամարտ. Վազգէն Թեւանեան Կը Շահի Զաղրեպի Մրցաշարքը

Զաղրեպի մէջ (Խրուաթիա) տեղի կ՛ունենայ ըմբշամարտի միջազգային մրցաշարքը, ուր Հայաստանէն միայն մէկ ըմբիշ` Եւրոպայի ախոյեան Վազգէն Թեւանեան իր մասնակցութիւնը բերաւ 65 քկ կշիռի յունահռոմէական ըմբշամարտի մրցումներուն: Թեւանեանի սքանչելի ելոյթներ սկսան 1/8-րդ հանգրուանին, ուր ան 12-1 արդիւնքով մեծ յաղթանակ մը արձանագրեց ֆրանսացի Խամզաթ Թիմուրովիչ Արսամերզուեւի դէմ: Քառորդ աւարտականին, Վազգէն Թեւանեան իր դէմ ունեցաւ ամերիկացի Ճոզեֆ Քրիսթոֆըր Մըքենան, որ իր կարգին 5-2...

Եւրոպական Ֆութպոլ.  Այսօր «Պունտըսլիկա»-ն Կը Շարունակուի Պայերն – Հոֆենհայմ Մրցումով

Եւրոպական Ֆութպոլ. Այսօր «Պունտըսլիկա»-ն Կը Շարունակուի Պայերն – Հոֆենհայմ Մրցումով

Այսօր կը շարունակուին «Պունտըսլիկա»-ի մրցումները ձմեռնային կարճ դադարէ մը ետք եւ ախոյեան Պայերն Միւնիխ պիտի հիւրընկալէ Հոֆենհայմը: 17-րդ հանգրուանի մրցումներու գծով այս մրցումը իրար դէմ պիտի հանէ 2-րդ դիրքը գրաւող Պայերնը եւ 7-րդ դիրքը գրաւող Հոֆենհայմը: Պայերն հաւանաբար իր կազմին միացնէ անգլիացի Էրիք Տայըրը, որ այժմ Գերմանիա կը գտնուի, յոյսով, որ միանայ իր նախկին խմբակիցին (Թոթենհամի օրերուն)` Հերի Քէյնի: Պայերն...

«Էն. Պի. Էյ.»  «Ուեմպի» Եւ Առաջին Թրիփըլ Տապըլը

«Էն. Պի. Էյ.» «Ուեմպի» Եւ Առաջին Թրիփըլ Տապըլը

Վիքթոր Ուեմպանեամա, որ «Էն. Պի. Էյ.»-ի ամէնէն կրտսեր մարզիկներէն մէկն է, «Էն. Պի. Էյ.»-ի իր ասպարէզին առաջին թրիփըլ տապըլը իրագործեց, երբ իր խումբը` Սան Անթոնիօ Սփըրզ 130-108 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Տիթրոյիթ Փիսթընզը: Սան Անթոնիօ իր 6-րդ յաղթանակը արձանագրեց 36 մրցումներու ընթացքին` պարտութեան մատնելով Տիթրոյիթը, որ իր 35-րդ պարտութիւնը կրեց 38 մրցումներու ընթացքին: «Ուեմպի» իր ընկերներուն լաւ փոխանցումներ տուաւ` կարծէք փլէյմէյքըր...

Պասքեթպոլ.  11-րդ Հանգրուանի Մրցումները Կը Շարունակուին Ուրբաթ. Շաբաթ Օր` Հուփս – ՀՄԸՄ

Պասքեթպոլ. 11-րդ Հանգրուանի Մրցումները Կը Շարունակուին Ուրբաթ. Շաբաթ Օր` Հուփս – ՀՄԸՄ

Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը այս շաբթուան իր ժողովին խիստ որոշումներ տուաւ եւ շատ անխնայ ձեւով պիտի պատժէ բոլոր անոնք, որոնք պատճառ կրնան ըլլալ որեւէ հարցի, պասքեթպոլի մրցումի ժամանակ, թէ մրցումէն ետք, ըլլան անոնք մարզիկներ, մարզիչներ կամ համակիրներ: Ուրբաթ օր կը շարունակուին մրցումները, որոնց ծիրին մէջ կը սկսին 11-րդ հանգրուանի մրցումները Էն. Էս. Էյ. - Մէյրուպա ճակատումով: ՀՄԸՄ պիտի մրցի Հուփսի դէմ...

Այսօր` Պէյրութ Ֆըրսթ – ՀՄԸՄ Անթիլիաս

Այսօր` Պէյրութ Ֆըրսթ – ՀՄԸՄ Անթիլիաս

Այսօր Շիահի դաշտին վրայ, ժամը 20:00-ին, Լիբանանի աղջկանց պասքեթպոլի ախոյեանութեան 11-րդ հանգրուանին գծով ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջկանց խումբը պիտի ըլլայ հիւրը Լիբանանի ախոյեան Պէյրութ Ֆըրսթի: Պէյրութ, որ իր 10 մրցումներն ալ յաղթանակով աւարտած է, վստահաբար դժուար մրցակից մը պիտի ըլլայ ՀՄԸՄ-ի երիտասարդ խումբին համար, բայց դաշտին վրայ 5 ընդդէմ 5-ի որեւէ բան կարելի է:  

Հայկական Ֆութպոլի Առասպել, Հայաստանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Նախագահի Խորհրդական Խորէն Յովհաննէսեան 69-րդ Տարեդարձը Նշեց

Հայկական Ֆութպոլի Առասպել, Հայաստանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Նախագահի Խորհրդական Խորէն Յովհաննէսեան 69-րդ Տարեդարձը Նշեց

Յովհաննէսեան Ողիմպիական խաղերու պրոնզէ մետալակիր է, Եւրոպայի երիտասարդական առաջնութեան յաթող, Խորհրդային Միութեան արծաթէ մետալակիր եւ Մոնտիալի մասնակից: Ան Խորհրդային Միութեան ազգային խումբին հետ 57 մրցում կատարած է` նշանակելով 8 կոլ: Հայաստանի 20-րդ դարու լաւագոյն ֆութպոլիստ Խորէն Յովհաննէսեան 1975-էն 1985 Երեւանի Արարատ խումբին հետ 295 մրցումի մասնակցած է` դառնալով 93 կոլի հեղինակ: 1975-ին Արարատի հետ եղած է Խորհրդային Միութեան բաժակակիր, իսկ...

«Էն.Պի. Էյ.»  Լէյքըրզ – Ռեփթըրզ` 132-131

«Էն.Պի. Էյ.» Լէյքըրզ – Ռեփթըրզ` 132-131

Երէկ «Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումները շարունակուեցան, եւ Լոս Անճելըսի մէջ Լոս Անճելըս Լէյքըրզ 132-131 արդիւնքով դժուար յաղթանակ մը տարաւ Թորոնթօ Ռեփթըրզի դէմ: 4-րդ մասին Լէյքըրզ, որ 7 կէտով ետ կը մնար, կրցաւ 23 ազատ հարուածի (ֆրի-թրօ) իրաւունք ստանալ, մինչ Ռեփթըրզ` միայն 2: Մրցումի լաւագոյն մարզիկն էր Անթոնի Տէյվիս, որ 41 կէտ, 11 ռիպաունտ եւ 6 էսիսթ կատարեց: Լըպրոն Ճէյմս իր...

Թիմօ Վերնըր Կը Համաձայնի Միանալ Թոթենհամի

Թիմօ Վերնըր Կը Համաձայնի Միանալ Թոթենհամի

Լոնտոնի Թոթենհամ խումբը յայտարարեց, որ Չելսիի նախկին յառաջապահ գերմանացի Թիմօ Վերնըր 6 ամսուան համար պիտի միանայ իր կազմին: Լայփցիկի յառաջապահ Վերնըր պիտի միանայ Անկէ Փութէ Քոկլուի (Թոթենհամի մարզիչ) տղոց` ձեւով մը «լեցնելու» Հիւնկ-Մին Սոնի բացակայութեան «պարապութիւնը»: Հարաւային քորէացի Սոն իր ազգային խումբին հետ Ասիոյ բաժակի մրցաշարքին պիտի մասնակցի այս ամիս: Թոթենհամ համաձայնեցաւ ժամանակաւորապէս փոխ առնել Վերնըրը, որ յաջողելու պարագային «գնելու»...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ 10 Կոլ Նշանակեց…

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Ֆետերասիոնը Վաւերացուց ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի 10-0 Արդիւնքը

Լեռնալիբանանի ֆութպոլի մասնակի ֆետերասիոնը երէկուան ժողովին, վաւերացուց Դ. դասակարգի մրցումներուն արդիւնքները, ներառեալ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի 10-0 արդիւնքով յաղթանակը` Հատաթ Ռիատիի դէմ: ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի յաջորդ մրցումը` 5-րդ հանգրուանի գծով, տեղի պիտի ունենայ շաբաթ, 13 յունուարին, կէսօրուան ժամը 2:00-ին, Իսթիքլալի դէմ: Պուրճ Համուտի պատանիները, որոնք 3-2 արդիւնքով յաղթած էին Հատաթի պատանիներուն, պիտի մրցին Սփորթինկ Ռիատիի դէմ նոյն օրը, նոյն ժամուն, Շարքի...

«Էն. Պի. Էյ.» Պոսթըն Պարտուեցաւ Վերջին Վայրկեաններուն. Միլուոքիի 4-րդ Պարտութիւնը` 5 Մրցումներու Ընթացքին

«Էն. Պի. Էյ.» Պոսթըն Պարտուեցաւ Վերջին Վայրկեաններուն. Միլուոքիի 4-րդ Պարտութիւնը` 5 Մրցումներու Ընթացքին

Երէկ շարունակուեցան «Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումները, եւ Պոսթըն Սելթիքս, որ արեւելեան շրջանի լաւագոյն խումբն է տակաւին, կրեց իր 8-րդ պարտութիւնը (28,8) վերջին երկվայրկեաններուն, Ինտիոնա Փէյսըրզի դէմ մրցումին: 2-րդ մասին Ինտիանայի թիւ 1 աստղ Թայրիս Հելիպըրթըն սահեցաւ եւ ոտքը վիրաւորեց` ուղղուելով դաշտէն դուրս խմբակիցներու օգնութեամբ: Պենետիքթ Մաթուրին 26 կէտ նշանակեց, ներառեալ վերջին 2 ազատ հարուածները 0,6 երկվայրկեան մնացած: Այդ հարուածները յաղթանակը...

Պայերն Միւնիխ Հետաքրքրուած Է  Քանի Մը Մարզիկներով

Պայերն Միւնիխ Հետաքրքրուած Է Քանի Մը Մարզիկներով

Ձմեռնային փոխանցումներու շուկան բացուեցաւ այս ամիս, եւ արդէն ակումբներ կը նային իրենց «պէտք»-երուն` աւելի եւս զօրացնելու համար իրենց կազմերը: Գերմանիոյ ախոյեան Պայերն Միւնիխ, որ ուրբաթ օր պիտի շարունակէ իր «Պունտըսլիկա»-ի արշաւը, անցեալ ամրան փոխանցումներու օրերէն հետաքրքրուած է պաշտպանողական գիծի մարզիկներով: Կեդրոնի պաշտպաններ թէ պաշտպանող միջնապահներ կան ցանկին վրայ: Առայժմ Պայերն Միւնիխ մօտէն կը հետեւի Թոթենհամի մարզիկ Էրիք Տայըրով, Փարիզ Սեն...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ 10 Կոլ Նշանակեց…

Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ 10 Կոլ Նշանակեց…

Կիրակի օր Լիբանանի ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն գծով Դ. դասակարգի Լեռնալիբանանի Դ. խմբակի 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի տղաքը իրենց յաջորդական 3-րդ մրցումը յաղթական աւարտեցին: Այս անգամ մրցակիցը Հատաթ Ռիատի խումբն էր, որ 63-րդ վայրկեանին մրցումը կիսատ ձգելով լքեց: Արդարեւ, Բ. կիսախաղի սկիզբէն մրցակից խումբէն մարզիկներ մաս առ մաս լքեցին դաշտը մինչեւ 63-րդ վայրկեան, երբ 7 մարզիկներէ աւելի...

Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Էն. Էս. Էյ. 86-30

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Էն. Էս. Էյ. 86-30

Կիրակի օր Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց ախոյեանութեան գծով ՀՄԸՄ Անթիլիաս 86-30 արդիւնքով հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրեց Էն. Էս. Էյ.-ի դէմ: Առաջին մասին 31-8 արդիւնքով յառաջացած ՀՄԸՄ-ի մեր աղջիկները բաւական հանգստացուցին իրենք զիրենք, եւ մարզիչը անշուշտ առիթ տուաւ բոլոր 11 մարզիկներուն ալ մասնակցելու այս մրցումին: Փաթիլ Ասատուրեան ամէնէն մեծ թիւով կէտերը նշանակեց` 25 կէտ, ապա Փերլա Պու Նասըր 17 կէտ եւ 8...

Ճատրակ.  ՀՄԸՄ-ի Ներկայացուցիչներ Մասնակցեցան Նախկին Խորհրդային Միութեան Շրջանաւարտներու Միութեան Կազմակերպած Մրցաշարքին

Ճատրակ. ՀՄԸՄ-ի Ներկայացուցիչներ Մասնակցեցան Նախկին Խորհրդային Միութեան Շրջանաւարտներու Միութեան Կազմակերպած Մրցաշարքին

Նախկին Խորհրդային Միութեան շրջանաւարտներու միութիւնը Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով ճատրակի 43-րդ մրցաշարքը կազմակերպած էր` հովանաւորութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին եւ Լիբանանի կոլֆի ակումբին: 1978-էն ի վեր կատարուած այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին 87 մասնակիցներ, որոնց կարգին` ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչներ: Ստորեւ կը ներկայացնենք ՀՄԸՄ-ի մարզիկներուն արձանագրած արդիւնքները. - Մարտիկ Մարտիկեան 17-րդ դիրք 4,5 կէտ - Միշէլ Աթայեան 22-րդ դիրք 4,5...

Գերմանիոյ Պատմութեան Լաւագոյն Ֆութպոլիստներէն Ֆրանց Պեքընպաուըր Ոչ Եւս Է

Գերմանիոյ Պատմութեան Լաւագոյն Ֆութպոլիստներէն Ֆրանց Պեքընպաուըր Ոչ Եւս Է

Գերմանիոյ ֆութպոլի պատմութեան լաւագոյն մարզիկներէն եւ պատմութեան լաւագոյն պաշտպաններէն Ֆրանց Պեքընպաուըր երէկ մահացաւ 78 տարեկան հասակին: 2016-ին եւ 2017-ին սրտի գործողութիւններ կատարած «Տեր Քայզըր» (Կայսր) Ֆրանց վերջերս առողջ չէր: Պեքընպաուըր ղեկավարած էր Արեւմտեան Գերմանիոյ ազգային խումբը 1974-ի մոնտիալին իբրեւ խմբապետ, իսկ իբրեւ մարզիչ` 1990-ին: Իբրեւ մարզիկ ան փայլեցաւ «Պունտըսլիկա»-ի մէջ Պայերն Միւնիխի հետ 1965-էն 1977 շահելով 5 ախոյեանութեան տիտղոսներ, ինչպէս...

Մարիօ Զակալլօ Ոչ Եւս Է

Մարիօ Զակալլօ Ոչ Եւս Է

Պրազիլի պատմութեան փայլուն անուններէն Մարիօ Զակալլօ ուրբաթ օր մահացաւ 92 տարեկան հասակին: Զակալլօ, որ Փելէի մահէն ետք միակ ապրող մարզիկն էր 1958-ի մոնտիալը շահած Պրազիլի ազգային խումբէն, եղած էր առաջին անձը, որ իբրեւ ֆութպոլիստ եւ իբրեւ մարզիչ շահած էր մոնտիալը: Արդարեւ, 1958-ին եւ 1962-ին շահելէ ետք մոնտիալ, ան 1970-ին եղած էր ախոյեան` իբրեւ մարզիչ: Ան 1994-ին ալ մոնտիալը շահած ըլլալով...

«Էն. Պի. Էյ.»-  Լուքա Եւ Քայրի 69 Կէտ Նշանակեցին Միասին

«Էն. Պի. Էյ.»- Լուքա Եւ Քայրի 69 Կէտ Նշանակեցին Միասին

«Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումները շարունակուեցան, եւ հետաքրքրական մրցումի մը, Տալաս Մեւրիքս 115-108 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Մինեսոթայի դէմ: Քայրի Ըրվինկ 3 կէտնոց կողով մը նշանակեց, երբ 2,59 վայրկեան կար մրցումի աւարտին, ապա Ռուտի Կոպերթէն սթիլ մը ընելով ուրիշ 3 կէտնոց նշանակեց աջ անկիւնէն, երբ տակաւին 2,05 երկվայրկեան կար: Քայրի այս մրցումին 8 փորձերէն 6 անգամ յաջողեցաւ նշանակել 3 կէտնոց կողովներ,...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ – Շանվիլ` 84-88

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ – Շանվիլ` 84-88

Չորեքշաբթի գիշեր, ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի տղոց խումբը կատարեց դարձի իր առաջին մրցումը եւ պարտութիւն մը կրեց Շանվիլէն, Մըզհերի մէջ: ՀՄԸՄ լաւ սկսաւ մրցումը 3 օտարներով Շանվիլի դէմ, բայց իրաւարարներու սխալներէ ետք Ժերար Հատիտեան 3 յաջորդական ֆաուլեր կատարելով նստեցաւ դուրսը: Ուոլըթըր Հոճ իր կարգին կանուխ ֆաուլեր կատարելէ ետք դուրս նստեցաւ, բայց ասիկա չազդեց խումբին ելոյթին վրայ, որովհետեւ Ժատ Խալիլ աւելի հանգիստ խաղցաւ...

Page 232 of 1281 1 … 231 232 233 … 1,281

Արխիւներ