«Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումները շարունակուեցան, եւ հետաքրքրական մրցումի մը, Տալաս Մեւրիքս 115-108 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Մինեսոթայի դէմ:
Քայրի Ըրվինկ 3 կէտնոց կողով մը նշանակեց, երբ 2,59 վայրկեան կար մրցումի աւարտին, ապա Ռուտի Կոպերթէն սթիլ մը ընելով ուրիշ 3 կէտնոց նշանակեց աջ անկիւնէն, երբ տակաւին 2,05 երկվայրկեան կար: Քայրի այս մրցումին 8 փորձերէն 6 անգամ յաջողեցաւ նշանակել 3 կէտնոց կողովներ, եւ Լուքա Տոնչիչ, որ 34 կէտ նշանակեց, իր կարգին 5 անգամ յաջողեցաւ նշանակել 3 կէտնոց կողովներ (12 փորձերէն):
«Գիտէինք, որ հասակի հարց պիտի ունենանք Կոպերթի եւ Քարլ-Անթոնի Թաունզի դէմ, փորձեցինք կարելի եղածին չափ ռիպաունտ շահիլ եւ պզտիկ բաներ ալ ընել: Այդ պզտիկ բաներուն շնորհիւ յաղթեցինք այսօր», ըսաւ Քայրի մրցումէն ետք:
Անթոնի Էտուըրտզ 36 կէտ նշանակեց ի նպաստ Մինեսոթայի, որ այս տարեշրջանին 2 անգամ կրցած էր յաղթել Տալասին:
Լոս Անճելըսի տերպիին Լէյքըրզ կրցաւ 3 կէտի առաւելութեամբ յաղթել Քլիփըրզին: Երկու խումբերը, որոնք 1999-էն ի վեր նոյն դաշտին վրայ կը կատարեն իրենց մրցումները «Սթէյփըրզ Սենթըրին մէջ», այս տարեշրջանէն ետք պիտի «բաժնուին», երբ կ՛աւարտի Քլիփըրզի նոր դաշտին` «Ինթուիթ տոմ»-ի շինարարութիւնը Ինկըլվուտի մէջ: Քլիփըրզի տիրոջ` միլիառատէր Սթիւ Պոլմըրի այս նոր դաշտը պիտի ըլլայ Քլիփըրզի անձնական դաշտը, մանաւանդ որ Լէյքըրզի դէմ մրցումներուն միշտ ալ վերջինիս համակիրները աւելի շատ կ՛ըլլան թրիպիւններուն վրայ:
Լըպրոն Ճէյմս 25 կէտ, 8 ռիպաունտ եւ 7 էսիսթ կատարեց ի նպաստ Լէյքըրզի, որուն մարզիկներէն Թորին Փրինի 3 կէտնոց կողովէն ետք է, որ Լէյքըրզ կրցաւ ուղղուիլ դէպի յաղթանակ` 4 յաջորդական պարտութիւններէ: Մրցումի աւարտէն 1,17 վայրկեան առաջ Թորին Փրինս նշանակեց իր կողովը: Անթոնի Տէյվիս ձեռք ձգեց 22 կէտ եւ 10 ռիպաունտ ի նպաստ Լէյքըրզի, որ կրցաւ 2-րդ անգամ ըլլալով յաղթել Քլիփըրզի` 11 յաջորդական պարտութիւններէ ետք:
Նորմըն Փաուըլ մրցումի վերջին ահազանգին` «պազըր»-ին 3 կէտնոց փորձ մը կատարեց, որ օղակին մէջ ցատկելէ ետք դուրս եկաւ` յաղթանակը ձգելով Լէյքըրզի (106-103):
Փոլ Ճորճ եւ Իվիքա Զուպաք 22-ական կէտեր նշանակեցին ի նպաստ Քլիփըրզի, Զուպաք 19 ռիպաունտ ձեռք ձգեց: Քուայ Լենըրտ եւ Ճէյմս Հարտըն 15-ական կէտեր աւելցուցին ի նպաստ Քլիփըրզի, որ իր 13-րդ պարտութիւնը կրեց 35 մրցումներու ընթացքին: Լէյքըրզի 18-րդ յաղթանակն էր այս 37 մրցումներու ընթացքին:
Ստորեւ` վերջին 2 օրերու արդիւնքները.
Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Նիւ Եորք Նիքս 105-121
Ինտիանա Փէյսըրզ – Պոսթըն Սելթիքս 101-118
Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ – Եութա Ճէզ 109-120
Հիւսթըն Ռոքեթց – Միլուոքի Պաքս 112-108
ԵՐԷԿ
Քլիվլենտ Քեւելիրզ – Սան Անթոնիօ Սփըրզ 117-115
Պրուքլին Նեթց – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ 127-134
Սաքրամենթօ Քինկզ – Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ 100-133
Օրլանտօ Մեճիք – Աթլանթա Հոքս 117-110
Տալաս Մեւրիքս – Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ 115-108
Ֆէօնիքս Սանզ – Մեմֆիս Կրիզլիզ 115-121
Տենվըր Նակեթց – Տիթրոյիթ Փիսթընզ 131-114
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Թորոնթօ Ռեփթըրզ 118-133
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ 106-103