Չորեքշաբթի գիշեր, ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի տղոց խումբը կատարեց դարձի իր առաջին մրցումը եւ պարտութիւն մը կրեց Շանվիլէն, Մըզհերի մէջ:
ՀՄԸՄ լաւ սկսաւ մրցումը 3 օտարներով Շանվիլի դէմ, բայց իրաւարարներու սխալներէ ետք Ժերար Հատիտեան 3 յաջորդական ֆաուլեր կատարելով նստեցաւ դուրսը:
Ուոլըթըր Հոճ իր կարգին կանուխ ֆաուլեր կատարելէ ետք դուրս նստեցաւ, բայց ասիկա չազդեց խումբին ելոյթին վրայ, որովհետեւ Ժատ Խալիլ աւելի հանգիստ խաղցաւ գնդակը բաժնելով, մինչ նոր սենթըր Էլայճա Հոլմըն առիթ ունեցաւ ռիպաունտ հաւաքելու կողովին տակէն, բայց շատ յստակ էր անոր ֆիզիքական անպատրաստ վիճակը: Ուրեմն, վերադառնալով մրցումին, առաջին մասին 4 կէտի առաւելութիւն ունենալէ ետք, ՀՄԸՄ երկրորդ մասին 1 կէտով առաւելութիւն պահեց Շանվիլի վրայ, որ 3 կէտնոց ոչ մէկ կողով յաջողեցաւ նշանակել:
Շանվիլի 3 կէտնոցները սկսան մրցումի երկրորդ կիսախաղին, եւ մենք «դիւրացուցինք» անոնց 3 կէտերը` հանգիստ ձգելով: ՀՄԸՄ-ի տղաքը բաւարար ձեւով չկրցան ճնշել մրցակիցին վրայ, որ կարծես իր դաշտին վրայ կը խաղար: Մենք երբեմն լուրջ հարցի առջեւ կը գտնուինք, երբ մրցակիցին առիթ կու տանք, որ մօտենայ մեզի (կէտերով) կամ աւելի եւս հեռանայ արդիւնքով, եւ միշտ նկատելի են ուշ թայմ աութի որոշումները:
Շանվիլ, որ 9 կէտով ալ հեռացած էր մրցումի աւարտէն 2 վայրկեան առաջ, կը կարծէր, թէ հանգիստ ձեւով պիտի յաղթէ, սակայն մեր տղաքը արդիւնքը նուազեցուցին 2 կէտի` վերջին վայրկեանին: Հոս փայլեցաւ մրցումին լաւագոյն մարզիկը` Շանվիլի ամերիկացի մարզիկ Ճեվըն Պլէյք, որ կրցաւ կարեւոր կէտեր նշանակել, մինչ Էլի Ռըսթոմ նշանակեց 3 կէտեր եւ շահեցաւ ֆաուլ մը` նշանակելով 2 յաջորդական կէտեր, գրեթէ անհասանելի դարձնելով մրցումը, որ աւարտեցաւ 84-88 արդիւնքով:
Ճեվիըն Պլէյք 38 կէտ նշանակեց` կատարելով 7 էսիսթ եւ ձեռք ձգելով 8 ռիպաունտ: Իպրահիմա Թոմաս 16 կէտ եւ 12 ռիպաունտ ձեռք ձգեց:
ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն ամէնէն շատ կէտեր նշանակեցին Տըուէյն Ճեքսըն (18), Ուոլթըր Հոճ (16), Կերի Չիւիչեան (13), Ճիմի Սալեմ (11) եւ Ժատ Խալիլ (10): Ռիպաունտի պարագային Հոլմըն 11 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, մինչ Ճեքսըն ձեռք ձգեց 9 ռիպաունտ:
ՀՄԸՄ-ի տղաքը անհատաբար թերեւս լաւ են, բայց խմբային ճիշդ խաղ տակաւին չկրցանք ցուցաբերել: Կերի Չիւիչեան ամէնէն աւելի մնաց դաշտին մէջ, բայց Կապրիէլ Աճեմեան, որ լաւ ձեւով կը պաշտպանէ, թերեւս աւելի վայրկեաններ պէտք էր մասնակցէր, նոյնն է պարագան Թանիոս Աքիքիի, որ լաւ կը պաշտպանէ, բան մը, որ այս մրցումին մեր տկար կէտն էր:
Համակիրներուն ալ մասին քանի մը տողով: Պէտք է նշել, որ նախապէս մեր խանդավառ համակիրները ձեւով մը կը կորսնցնեն իրենց խանդավառութիւնը, եւ անոնցմէ մաս մը նոյնիսկ վէճի կամ հարցի պատրաստ է` կարծիք սպառելով սխալի մը, որ «պայթի»: Միշտ պէտք է գիտնանք, որ ՀՄԸՄ մեր ակումբն է, եւ որեւէ մէկ համակիրի ջիղերուն անհանգիստ ըլլալուն պատճառով ակումբ մը ամբողջ պատրաստ չէ տուժելու: Մեր անձնական հարցերն ալ լաւ է, որ ուրիշ տեղ լուծենք եւ ոչ թէ դաշտին մէջ, ուր մեծ թիւով պատանիներ կան եւ քոյրեր, մայրեր, որոնք եկած են քաջալերելու խումբը եւ ոչ թէ անհամ մթնոլորտ դիտելու: Պասքեթպոլը ֆութպոլի նման հաւասարութիւն չկայ. կա՛մ կը յաղթես, կա՛մ կը պարտուիս: Ինչպէս պատրաստ պէտք է ըլլալ տօնելու յաղթանակը, պատրաստ պէտք է ըլլալ պարտութիւն ալ ընդունելու:
Յաջորդ հանգրուանին ՀՄԸՄ պիտի մրցի Հուփսի դէմ Միշել Մըր մարզամշակութային կեդրոնին մէջ յառաջիկայ շաբաթ օր, որմէ ետք խումբը կը մեկնի Տուպայ` մասնակցելու համար Տուպայի պասքեթպոլի միջազգային մրցաշարքին, որուն կը մասնակցին նաեւ Լիբանանի ախոյեան Ռիատի, Պէյրութ Ֆըրսթ եւ Սաժես ակումբները, Իրաքի Նաֆթ ակումբը, Ահլի Թրիփոլի (Լիպիա), Ահլի Պենղազի (Լիպիա), Սալէ (Մարոք), Զամալեք (Եգիպտոս), Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ազգային խումբը, Թունուզի ազգային խումբը, ինչպէս նաեւ Ֆիլիփեան կղզիներու Սթրոնկ Կրուփ խումբը:
Մրցաշարքը կը սկսի 19 յունուարին եւ կ՛աւարտի 28 յունուարին: