Զաղրեպի մէջ (Խրուաթիա) տեղի կ՛ունենայ ըմբշամարտի միջազգային մրցաշարքը, ուր Հայաստանէն միայն մէկ ըմբիշ` Եւրոպայի ախոյեան Վազգէն Թեւանեան իր մասնակցութիւնը բերաւ 65 քկ կշիռի յունահռոմէական ըմբշամարտի մրցումներուն:
Թեւանեանի սքանչելի ելոյթներ սկսան 1/8-րդ հանգրուանին, ուր ան 12-1 արդիւնքով մեծ յաղթանակ մը արձանագրեց ֆրանսացի Խամզաթ Թիմուրովիչ Արսամերզուեւի դէմ: Քառորդ աւարտականին, Վազգէն Թեւանեան իր դէմ ունեցաւ ամերիկացի Ճոզեֆ Քրիսթոֆըր Մըքենան, որ իր կարգին 5-2 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց հայ ըմբիշէն:
Կիսաւարտականին Վազգէն Թեւանեան դժուար մրցակից մը ունէր` աշխարհի փոխախոյեան եւ թիւ 1 դասուած փուերթօռիքոցի Սեպասթիան Ռիվերան: Վազգէն Թեւանեան ապշեցուց իր մրցակիցը, ինչպէս նաեւ համակիրները եւ 9-1 արդիւնքով հանգիստ յաղթանակով մը սուրաց դէպի աւարտական, ուր իր դէմ պիտի ունենար իրանցի Ռահման Մուսա Ամուզատխալիլի, որ թեթեւօրէն վիրաւոր ըլլալուն պատճառով չնախընտրեց մասնակցիլ մրցումին` մրցաշարքի 65 քկ կշիռի տիտղոսը Վազգէն Թեւանեանին զիջելով:
550 աթլեթներու մէջ Հայաստանի միակ ներկայացուցիչը ըլլալով, Վազգէն Թեւանեան կրցաւ ոսկի մետալով Հայաստան վերադառնալ Զաղրեպէն:


