Երէկ «Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումները շարունակուեցան, եւ Լոս Անճելըսի մէջ Լոս Անճելըս Լէյքըրզ 132-131 արդիւնքով դժուար յաղթանակ մը տարաւ Թորոնթօ Ռեփթըրզի դէմ:
4-րդ մասին Լէյքըրզ, որ 7 կէտով ետ կը մնար, կրցաւ 23 ազատ հարուածի (ֆրի-թրօ) իրաւունք ստանալ, մինչ Ռեփթըրզ` միայն 2:
Մրցումի լաւագոյն մարզիկն էր Անթոնի Տէյվիս, որ 41 կէտ, 11 ռիպաունտ եւ 6 էսիսթ կատարեց:
Լըպրոն Ճէյմս իր կարգին տապըլ տապըլ կատարեց` նշանակելով 22 կէտ եւ 12 էսիսթ: Թորոնթօ աւելի խմբային մրցում մը կատարեց, ուր 4 մարզիկներ 20-է աւելի կէտեր նշանակեցին: Սքաթի Պառնզ (26 կէտ), Փասքալ Սիաքըմ (25 կէտ), Առ. Ճէյ. Պերըթ (23 կէտ, 10 ռիպաունտ) եւ Իմանուըլ Քուիկլի (21 կէտ) եղան Ռեփթըրզի լաւագոյն մարզիկները:
Թեքսասի մէջ, Տալաս Մեւրիքս 120-103 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Մեմֆիս Կրիզլիզէն: Հակառակ Ճա Մըրենթի բացակայութեան (որ ուսի վիրաբուժութեան ենթարկուեցաւ եւ պիտի բացակայի այս եղանակի բոլոր մրցումներէն) Կրիզլիզ կրցաւ յաղթել Տեզմընտ Պէյնի գլխաւորութեամբ:
Տալաս, որուն սլովենիացի աստղ Լուքա Տոնչիչ ոտքի ցաւ ունենալով երկու անգամ դուրս ուղղուեցաւ դէպի հանդերձարան, պաշտպանողական հարցեր ունի:
Խումբի լաւագոյն ռիպաունտ ձեռք ձգող մարզիկը Քայրի Ըրվինկն է, որ խումբին ամէնէն կարճ մարզիկը ըլլալով հանդերձ, կը պայքարէր ամէն գնդակի համար: Քայրի 33 կէտ նշանակեց, մինչ Տոնչիչ 31 կէտ նշանակեց եւ էսիսթ կատարեց:
Տեզմընտ Պէյն 32 կէտերուն կողքին ձեռք ձգած էր 9 ռիպաունտ: Մարքըս Սմարթ, որ 23 կէտ նշանակեց, Տոնչիչի նման վիրաւորուեցաւ եւ քանի մը անգամ դուրսը նստեցաւ:
Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
Օրլանտօ Մեճիք – Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ 92-113
Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Սաքրամենթօ Քինկզ 110-131
Նիւ Եորք Նիքս – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ 112-84
Տալաս Մեւրիքս – Մեմֆիս Կրիզլիզ 103-120
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ – Թորոնթօ Ռեփթըրզ 132-131
Նշենք, որ «Օլ Սթար» մրցումի քուէարկութիւնները կը շարունակուին, եւ արեւելեան շրջանէն ամէնէն աւելի քուէ ստացած են Եաննիս Անթեթոքումփօ (Միլուոքի), Ժոել Էմպիիտ (Ֆիլատելֆիա), Ճէյսըն Թէյթըմ (Պոսթըն), Թայրիս Հալիպըրթըն (Ինտիանա) եւ Տեմիըն Լիլըրտ (Միլուոքի), մինչ արեւմտեան շրջանէն Լըպրոն Ճէյմս (Լոս Անճելըս Լէյքըրզ), Քեւըն Տիւրենթ (Ֆէօնիքս), Նիքոլա Եուքիչ (Տենվըր), Լուքա Տոնչիչ (Տալաս) եւ Սթեֆ Քըրի (Կոլտըն Սթէյթ) ամէնէն շատ քուէ ստացած են: