Լոնտոնի Թոթենհամ խումբը յայտարարեց, որ Չելսիի նախկին յառաջապահ գերմանացի Թիմօ Վերնըր 6 ամսուան համար պիտի միանայ իր կազմին:
Լայփցիկի յառաջապահ Վերնըր պիտի միանայ Անկէ Փութէ Քոկլուի (Թոթենհամի մարզիչ) տղոց` ձեւով մը «լեցնելու» Հիւնկ-Մին Սոնի բացակայութեան «պարապութիւնը»: Հարաւային քորէացի Սոն իր ազգային խումբին հետ Ասիոյ բաժակի մրցաշարքին պիտի մասնակցի այս ամիս:
Թոթենհամ համաձայնեցաւ ժամանակաւորապէս փոխ առնել Վերնըրը, որ յաջողելու պարագային «գնելու» առիթ մըն ալ ունի ամրան:
27 տարեկան գերմանացին պիտի ըլլայ հիմնական յառաջապահը Սոնի բացակայութեան, որ 12 կոլ նշանակած է` այս եղանակին դառնալով Թոթենհամի հիմնական կոլսքորըրը: Խմբապետ Հերի Քէյնի մեկնելէն ետք` Պայերն Միւնիխ:
Վերնըր երկրորդ անգամ ըլլալով կը վերադառնայ «Փրեմիեր լիկ», ոչ շատ յաջող ժամանակ անցընելէ ետք լոնտոնեան այլ կազմի` Չելսիի հետ 2020-ին: Լայփցիկէն ժամանած Վերնըր 45 միլիոն փաունտով եկած էր Չելսի, բայց 56 ելոյթներուն միայն 10 կոլ նշանակած եւ 2 տարեշրջան ետք վերադարձած Լայփցիկ` 25 միլիոն փաունտով:
Վերջերս լուրեր կային, թէ Վերնըր շատ հանգիստ չէր Գերմանիոյ մէջ, եւ կ՛ուզէր Անգլիա վերադառնալ: Մանչեսթըր Եունայթըտի հետ կապի մէջ մտնելէ ետք օգնելով Ռասմըս Հոյլունտի, կը կարծուէր, թէ Վերնըր պիտի միանայ Եունայթըտի, բայց Թոթենհամ շատ արագ ձեւով մտաւ խորհրդակցութիւններուն մէջ, եւ ձեռք ձգեց զայն: