Մարզական

Մեսսի Շահեցաւ ՖԻՖԱ-ի Տարուան Լաւագոյն Ֆութպոլիստի Տիտղոսը

Մեսսի Շահեցաւ ՖԻՖԱ-ի Տարուան Լաւագոյն Ֆութպոլիստի Տիտղոսը

Արժանթինցի ֆութպոլի աստղ Լիոնել Մեսսի 2023-ի լաւագոյն ֆութպոլիստ ընտրուեցաւ ՖԻՖԱ-ի կողմէ, երկուշաբթի գիշեր Լոնտոնի մէջ տեղի ունեցած տարեկան հանդիսութեան: Ինթեր Մայեմիի ֆութպոլիստը չնչին առաւելութեամբ գերազանցեց 2-րդ դիրքը գրաւող Էրլինկ Հաալանտը (Մանչեսթըր Սիթի): Քիլիան Էմպափէ 3-րդ դիրքը գրաւեց: Սպանիոյ 2023-ի մոնտիալի ախոյեան Այթանա Պոնմաթի շահեցաւ աղջկանց լաւագոյն ֆութպոլիստի տիտղոսը: Մեսսի, որ 2022-ի տիտղոսն ալ շահած էր Արժանթինի ազգային խումբը առաջնորդելէ ետք...

Ժոզէ Մուրինիօ Պաշտօնանկ Եղաւ. Տը Ռոսի Փոխարինեց Զինք

Ժոզէ Մուրինիօ Պաշտօնանկ Եղաւ. Տը Ռոսի Փոխարինեց Զինք

Ա. Էս. Ռոմա իտալական ակումբը երէկ յայտարարեց, թէ շնորհակալութիւն յայտնած է իր փորթուգալցի մարզիչ Ժոզէ Մուրինիոյին եւ իր անձնակազմին` մօտ 3 տարի մարզելու համար իտալական մայրաքաղաքի խումբը: «Հիանալի յիշողութիւններ ունինք Ժոզէի հետ եւ իր աշխատանքէն, բայց կը կարծենք, որ փոփոխութիւններ անհրաժեշտ են», յայտնեցին Ռոմայի տէրերը` Տեն եւ Ռայըն Ֆրիտքին: Մուրինիօ (60 տարեկան) իր պաշտօնը ստանձնած էր մայիս 2021-ին` առաջնորդելով Ռոման...

«Էն. Պի. Էյ.».  Քայրի 42 Կէտ Նշանակեց, Եւ Այս Անգամ Տալաս Յաղթեց Նիւ Օրլինզին

«Էն. Պի. Էյ.». Քայրի 42 Կէտ Նշանակեց, Եւ Այս Անգամ Տալաս Յաղթեց Նիւ Օրլինզին

Քայրի Ըրվինկ միշտ ներկայ կ՛ըլլայ Տալաս Մեւրիքսի հետ, երբ կարիքը զգացուի իր հերոսութիւններուն: 3-րդ յաջորդական մրցումը ըլլալով առանց Լուքա Տոնչիչի, որ կրունկի ցաւէ կը տառապի, Տալաս կրցաւ Քայրիի հետ զոյգ մը գտնել Թիմ Հարտըուէյի մէջ. անոնք միասնաբար 83 կէտեր նշանակեցին: Տալաս, որ Նիւ Օրլինզի դէմ 110-118 արդիւնքով պարտուած էր, կրցաւ 125-120 արդիւնքով յաղթել այս անգամ: Փելիքընզի հարցը ազատ հարուածներն էին,...

Պասքեթպոլ.  Այսօր` Մթայլեպ – ՀՄԸՄ Անթիլիաս

Պասքեթպոլ. Այսօր` Մթայլեպ – ՀՄԸՄ Անթիլիաս

Այսօր ժամը 19:30-ին, Պըրժ Այնթուրայի դաշտին վրայ, ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջիկները, Լիբանանի ախոյեանութեան 13-րդ հանգրուանի մրցումներուն գծով պիտի մրցի Մթայլեպի դէմ: Երթին, Մըզհերի մէջ ՀՄԸՄ Անթիլիաս 68-54 արդիւնքով յաղթած էր Մթայլեպին, որ 7-րդ դիրքը կը գրաւէ դասաւորման մէջ: ՀՄԸՄ-ի աղջկանց խումբը 3-րդ դիրքը կը գրաւէ եւ 9 յաղթանակ արձանագրած է 3 պարտութեան կողքին: Կը սպասուի, որ յաղթանակներու շարքը հասնի 10-ի այսօր...

Եւրոպական Ֆութպոլ.  Ռէալ Մատրիտ Մեծ Յաղթանակ Մը Արձանագրեց Պարսելոնայի Դէմ

Եւրոպական Ֆութպոլ. Ռէալ Մատրիտ Մեծ Յաղթանակ Մը Արձանագրեց Պարսելոնայի Դէմ

Կիրակի գիշեր Ռիատի մէջ (Սէուտական Արաբիա) տեղի ունեցաւ սպասուած «Էլ Քլասիքօ»-ն` Սպանիոյ գերբաժակի աւարտական մրցումին, Ռէալ Մատրիտի եւ Պարսելոնայի միջեւ: Մրցումը եղաւ գրեթէ միակողմանի, ուր Ռէալ տիրապետեց ամէն գետնի եւ դաշտի բոլոր դիրքերուն վրայ: Անցեալ տարուան կրկնուած աւարտականը այս անգամ ի նպաստ Ռէալի էր, որուն յառաջապահ Վինիսիուսը հեթրիք մը իրագործեց առաջին կիսախաղին: Արդարեւ, առաջին կոլին, օգտուելէ ետք Ճուտ Պելինկհեմի փոխանցումէն,...

Հրաձգութիւն.  Սլովենիոյ Մէջ Խմբային Մետալներ` Հայաստանի Ներկայացուցիչներուն

Հրաձգութիւն. Սլովենիոյ Մէջ Խմբային Մետալներ` Հայաստանի Ներկայացուցիչներուն

Սլովենիոյ միջազգային հրաձգութեան մրցաշարքին, Հայաստանի հաւաքականի անդամները անգամ մը եւս մետալներ նուաճեցին: Արդարեւ Այ. Էս. Էս. Էֆ. կրան փրիի Սլովենիոյ միջազգային մրցաշարքին, Էլմիրա Կարապետեան-Բենիկ Խլղաթեան զոյգը 10 մեթր օդամղիչ ատրճանակ միքս մրցաձեւին, նախ 579 (219/288) կէտով հասաւ աւարտական հանգրուան. ապա աւարտականին Չեխիոյ դէմ 17-15 արդիւնքով դարձաւ մրցաշարքի ախոյեան: Հայաստանի միւս ներկայացուցիչները` Նարէ Գաբրիէլեան-Գէորգ Մելքոնեան զոյգը, 16-14 արդիւնքով յաղթելէ ետք Հունգարիոյ,...

Աիսոյ Ֆութպոլի Բաժակ.  Իրաք Եւ Հարաւային Քորէա` Յաղթական

Աիսոյ Ֆութպոլի Բաժակ. Իրաք Եւ Հարաւային Քորէա` Յաղթական

Ասիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքը շարունակուեցաւ երէկ, եւ Իրաք Դ. խմբակին մէջ 3-1 արդիւնքով յաղթական դուրս եկաւ Ինտոնեզիոյ դէմ մրցումին: Ե. խմբակին մէջ, Հարաւային Քորէա 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Պահրէյնի վրայ: Գ. խմբակին մէջ, Իրան 4-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Պաղեստինի ազգային խումբը:  

Ափրիկէի Բաժակի Մրցաշարք.  Ախոյեան Սենեկալ Յաղթանակով Սկսաւ

Ափրիկէի Բաժակի Մրցաշարք. Ախոյեան Սենեկալ Յաղթանակով Սկսաւ

Շաբաթավերջին սկսաւ Ափրիկէի բաժակի մրցաշարքը, զոր կը հիւրընկալէ Փղոսկրեայ Ափունքը: 34-րդ մրցաշարքին, որ իրար դէմ կը հանէ Ափրիկէի 24 լաւագոյն խումբերը, սուր մրցակցութիւն կը նախատեսուի բոլոր խումբերու միջեւ, որոնք գրեթէ նոյն մակարդակի խումբեր են: Վերջին մրցաշարքի ախոյեան Սենեկալ, որ 2021-ին առաջին անգամ ըլլալով դարձած էր ախոյեան, 3-0 արդիւնքով հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրեց Կամպիոյ դէմ: Փափէ Կէօյ (Մարսէյ) եւ Լամին Քամարա...

Թենիս.  Խաչանով Դժուար Յաղթանակով Սկսաւ

Թենիս. Խաչանով Դժուար Յաղթանակով Սկսաւ

Աւստրալիոյ թենիսի բաց մրցաշարքը երէկ շարունակուեցաւ, եւ իր առաջին մրցումին, ռուսահայ Կարէն Խաչանով, որ թիւ 15 դասուած թենիսմենն է այժմ, բաւական դժուար մրցում մը ունեցաւ գերմանացին Տանիէլ Ալթմայըրի դէմ եւ յաղթեց 5-7, 6-3, 7-6 (7-5) եւ 7-6 (7-3) արդիւնքով, 4 ժամ պայքարէ ետք: Աւստրիացի թենիսմեն Տոմինիք Թիմ, որ 2020-ին դասաւորման մէջ թիւ 3 թենիսմենը եղած էր, բաւական վիրաւոր մնալէ ետք...

«Էն. Պի. Էյ.».  Լիլըրտի 3 Կէտերը Քինկզին Դէմ Եղան Վճռական

«Էն. Պի. Էյ.». Լիլըրտի 3 Կէտերը Քինկզին Դէմ Եղան Վճռական

Եաննիս Անթեթոքումփօ «Էն. Պի. Էյ.»-ի երէկուան մրցումներուն, Միլուոքի Պաքս իր դաշտին վրայ վերջին երկվայրկեանին պազըր-պիթըրի պէտք ունեցաւ` յաղթելու Սաքրամենթօ Քինկզի, յետ երկարաձգման: Արդարեւ, մրցումը 128-128 աւարտելէ ետք, Տեմիըն Լիլըրտի 3 կէտնոց 1 կէտի առաւելութիւն մը տուաւ Պաքսին, որ իր դաշտին վրայ 19-րդ յաղթանակը արձանագրեց 22 մրցումներու ընթացքին: Քինկզ 4 կէտով կը յաղթէր երկարաձգման, երբ Պրուք Լոփես 3 կէտնոց կողով մը...

Պասքեթպոլ.  Հուփս – ՀՄԸՄ 49-86

Պասքեթպոլ. Հուփս – ՀՄԸՄ 49-86

Շաբաթ օր «Միշել Մըր» մարզադաշտին վրայ ՀՄԸՄ-ի տղոց խումբը շատ հանգիստ մրցում մը ունեցաւ Հուփսի դէմ եւ 86-49 արդիւնքով մեծ յաղթանակ մը արձանագրեց: ՀՄԸՄ-ի տղաքը մրցումին սկիզբէն տիրապետեցին եւ նոր օտար մարզիկով` Զեք Լոֆթընի հետ շատ հանգիստ մրցում մը կատարեցին: Խմբային գեղեցիկ խաղ, պայքարի ոգի, պաշտպանողական թէ յարձակողական գետնի վրայ գրեթէ ամբողջական մրցում: Առաջին մասին, Տուէյն Ճեքսըն 8 կէտ, Ժերար...

Ասիոյ Ֆութպոլի Բաժակ.  Լիբանան Պարտութեամբ Սկսաւ Ասիոյ  Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարքը

Ասիոյ Ֆութպոլի Բաժակ. Լիբանան Պարտութեամբ Սկսաւ Ասիոյ Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարքը

Ուրբաթ օր Լուսէյլի մէջ (Քաթար) տեղի ունեցաւ Ասիոյ ֆութպոլի 18-րդ բաժակի մրցաշարքը, որ կը հիւրընկալէ Քաթարը: 2022-ի մոնտիալը հիւրընկալած Քաթար անգամ մը եւս կը հիւրընկալէ միջազգային մեծ մրցաշարք մը: Բացման հանդիսութենէն ետք տեղի ունեցաւ Քաթար-Լիբանան բացման մրցումը, ուր Լիբանան 3-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց առաջին խմբակին մաս կազմող Քաթարէն, 89 հազար համակիրներու ներկայութեան: Բ. խմբակին մէջ, Աւստրալիա 2-0 արդիւնքով պարտութեան...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Սիթի 2-րդ Դիրքը Գրաւեց. Լեւերքուզըն Կը Մնայ Առաջին

Եւրոպական Ֆութպոլ. Սիթի 2-րդ Դիրքը Գրաւեց. Լեւերքուզըն Կը Մնայ Առաջին

«Փրեմիըր լիկ»-ի 21-րդ հանգրուանի մրցումները շարունակուեցան, եւ Մանչեսթըր Սիթի հետաքրքրական մրցումէ մը ետք կրցաւ 3-2 արդիւնքով յաղթական դուրս գալ Սենթ Ճէյմս Փարքէն: 26-րդ վայրկեանին Քայլ Ուոքըրի փոխանցումէն օգտուելով Պեռնարտօ Սիլվա կրունկով նշանակեց բացումի կոլը: 35-րդ եւ 37-րդ վայրկեաններուն Նիւքեսըլ իր համակիրները ուրախացուց 2 արագ կոլերով` շնորհիւ Իսաքի եւ Կորտընի: Բ. կիսախաղին, Քեւըն տը Պրունիէ դաշտ ներկայացաւ եւ 5 վայրկեան ետք...

Թենիս.  Աւստրալիոյ Բաց Մրցաշարքը Սկսաւ

Թենիս. Աւստրալիոյ Բաց Մրցաշարքը Սկսաւ

Երէկ Աւստրալիոյ թենիսի մրցաշարքը սկսաւ, եւ թիւ 1 թենիսմեն Նովաք Ճոքովիչ, որ 10 անգամ շահած է այս մրցաշարքը, 4 ժամ պայքարէ ետք կրցաւ յաղթել խրուաթ Տինօ Փրիզմիչի` 6-2, 6-7, 6-3 եւ 6-4 արդիւնքով: «Մրցումին ժամանակ կը կարծէի, թէ հայելիի դէմ կը խաղամ», ըսաւ Ճոքովիչ կատակելուվ եւ նոյն պահուն փայլուն ապագայ ունեցող «Տինոյի» խաղարկութիւնը գովաբանելով: Սերպ թենիսմենը երիտասարդ մրցակիցներու մէջ դժուար...

«Էն. Պի. Էյ.» Քլիփըրզ Յաղթեց Կրիզլիզին . Տալաս Պարտուեցաւ

«Էն. Պի. Էյ.» Քլիփըրզ Յաղթեց Կրիզլիզին . Տալաս Պարտուեցաւ

Փոլ Ճորճ 37 կէտ նշանակեց, Քուայ Լենըրտ աւելցուց 22 կէտ եւ Լոս Անճելըս Քլիփըրզ 128-119 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Մեմֆիս Կրիզլիզը, այս վերջինիս դաշտին վրայ, Թենըսիի մէջ: Ճորճ 10 փորձերէն 7-ն յաջողեցաւ նշանակել 3 կէտնոց կողովներու պարագային եւ յաջորդական 6-րդ մրցումին աւելի քան 30 կէտ նշանակեց: «Ճորճ շատ լաւ վիճակի մէջ է, 10 անգամ 3 կէտնոց փորձեց... պէտք էր 3-4 հատ...

Պասքեթպոլ. Պէյրութ Ֆըրսթ – ՀՄԸՄ Անթիլիաս` 75-52

Պասքեթպոլ. Պէյրութ Ֆըրսթ – ՀՄԸՄ Անթիլիաս` 75-52

Հինգշաբթի գիշեր, Շիահի դաշտին վրայ, ՀՄԸՄ Անթիլիաս մրցում մը կատարեց ախոյեան Պէյրութ Ֆըրսթ խումբին դէմ, աղջկանց ախոյեանութեան 12-րդ հանգրուանին գծով: Պէյրութի կազմը 75-52 արդիւնքով յաղթական դուրս եկաւ ՀՄԸՄ Անթիլիասի երիտասարդ խումբին դէմ: ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջկանց խումբէն Փերլա Պու Նասր 24 կէտ եւ 11 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, մինչ Փաթիլ Ասատուրեան 16 կէտ եւ 6 ռիպաունտ կրցաւ ձեռք ձգել: Փերլա Ղաթթաս 7...

Պասքեթպոլ.  Այսօր` Հուփս – ՀՄԸՄ

Պասքեթպոլ. Այսօր` Հուփս – ՀՄԸՄ

Այսօր, Միշել Մըրի անուան մարզադաշտին վրայ, երեկոյեան ժամը 19:00-ին, ՀՄԸՄ-ի տղոց խումբը պիտի մրցի Հուփսի դէմ, Լիբանանի ախոյեանութեան 11-րդ հանգրուանի գծով մրցումին: ՀՄԸՄ-ի համակիրներուն համար Հուփսի վարչութիւնը իրաւասութիւն տուած է ներկայ գտնուելու դաշտ` մուտքի սակագին որոշելով 10 ամ. տոլար: Համակիրները կրնան ներկայ ըլլալ տեսնելու նոր օտար փլէյմէյքըրը` Զեք Լոֆթընը, որ փոխարինեց Ուոլթըր Հոճը, որ այս տարեշրջանին շատ լաւ ելոյթներ չկրցաւ...

Պասքեթպոլ.  Այսօր` Հուփս – ՀՄԸՄ

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Իսթիքլալ

Այսօր յետմիջօրէի ժամը 14:00-ին, Սին Էլ Ֆիլի դաշտին վրայ, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ պիտի կատարէ իր 4-րդ մրցումը` Լեռնալիբանանի ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն գծով` Իսթիքլալի դէմ: ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ 31 կոլ նշանակած է իր առաջին 3 մրցումներուն, եւ անպայման 3 կէտի համար պիտի մրցի Իսթիքլալի դէմ, որ առաջին լուրջ մրցակիցն է մեր տղոց: Իսթիքլալ 4 մրցում կատարած է, յաղթած է 3 մրցումի...

Տայըր Միացաւ Պայերն Միւնիխին

Տայըր Միացաւ Պայերն Միւնիխին

Էրիք Տայըր 10 տարի խաղալէ ետք Թոթենհամի հետ միացաւ Պայերն Միւնիխին: Անգլիոյ ազգային խումբի կեդրոնի յետսապահ Տայըր, որ կեդրոնի միջնապահ դիրքի վրայ ալ կը խաղայ, վերջերս Թոթենհամի մարզիչ Փոսթեքոկլուի հետ լաւ կապի մէջ չէր, մանաւանդ որ մարզիչը կը նախընտրէր դաշտ ներկայանալ Էմերսոն - Պեն Տէյվիս զոյգով` դուրս ձգելով Տայըրը: 29 տարեկան Տայըր միացաւ Պայերնին 6 ամսուան համար, բայց այդ ժամկէտը...

Քլասիքօ` Սէուտական Արաբիոյ Մէջ. Ռէալ Մատրիտ – Պարսելոնա

Քլասիքօ` Սէուտական Արաբիոյ Մէջ. Ռէալ Մատրիտ – Պարսելոնա

Ռոպերթ Լեվանտովսքի եւ Լամին Եամալ երկրորդ կիսախաղին երկու կոլեր նշանակեցին, եւ Պարսելոնա 2-0 արդիւնքով յաղթական դուրս եկաւ Օսասունայի դէմ: Այս ձեւով Պարսելոնա Քլասիքօ մը եւս աւելցուց այս եղանակին, եւ վաղը պիտի մրցի Ռէալ Մատրիտի դէմ, որ իր կարգին 5-3 արդիւնքով դուրս ձգած էր Աթլեթիքօ Մատրիտը: Ասիկա անցեալ տարուան գերբաժակի կրկնութիւնը պիտի ըլլայ, ուր Պարսելոնա 3-1 արդիւնքով կրցած էր յաղթական դուրս...

Page 231 of 1281 1 … 230 231 232 … 1,281

Արխիւներ