Նախկին Խորհրդային Միութեան շրջանաւարտներու միութիւնը Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով ճատրակի 43-րդ մրցաշարքը կազմակերպած էր` հովանաւորութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին եւ Լիբանանի կոլֆի ակումբին:
1978-էն ի վեր կատարուած այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին 87 մասնակիցներ, որոնց կարգին` ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչներ:
Ստորեւ կը ներկայացնենք ՀՄԸՄ-ի մարզիկներուն արձանագրած արդիւնքները.
– Մարտիկ Մարտիկեան 17-րդ դիրք 4,5 կէտ
– Միշէլ Աթայեան 22-րդ դիրք 4,5 կէտ
– Արամ Գազանճեան 23-րդ դիրք 4 կէտ
– Անդրանիկ Աթայեան 50-րդ դիրք 3 կէտ
Տարիքային դասաւորումով Քարլօ Աթայեան (10 տարեկանէն վար) գրաւեց 3-րդ դիրքը, իսկ Մարտիկ Մարտիկեան (14 տարեկանէն վար)` 3-րդ դիրքը:




