Այսօր Շիահի դաշտին վրայ, ժամը 20:00-ին, Լիբանանի աղջկանց պասքեթպոլի ախոյեանութեան 11-րդ հանգրուանին գծով ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջկանց խումբը պիտի ըլլայ հիւրը Լիբանանի ախոյեան Պէյրութ Ֆըրսթի:
Պէյրութ, որ իր 10 մրցումներն ալ յաղթանակով աւարտած է, վստահաբար դժուար մրցակից մը պիտի ըլլայ ՀՄԸՄ-ի երիտասարդ խումբին համար, բայց դաշտին վրայ 5 ընդդէմ 5-ի որեւէ բան կարելի է: