Գերմանիոյ ֆութպոլի պատմութեան լաւագոյն մարզիկներէն եւ պատմութեան լաւագոյն պաշտպաններէն Ֆրանց Պեքընպաուըր երէկ մահացաւ 78 տարեկան հասակին:
2016-ին եւ 2017-ին սրտի գործողութիւններ կատարած «Տեր Քայզըր» (Կայսր) Ֆրանց վերջերս առողջ չէր:
Պեքընպաուըր ղեկավարած էր Արեւմտեան Գերմանիոյ ազգային խումբը 1974-ի մոնտիալին իբրեւ խմբապետ, իսկ իբրեւ մարզիչ` 1990-ին:
Իբրեւ մարզիկ ան փայլեցաւ «Պունտըսլիկա»-ի մէջ Պայերն Միւնիխի հետ 1965-էն 1977 շահելով 5 ախոյեանութեան տիտղոսներ, ինչպէս նաեւ 3 յաջորդական Եւրոպայի ախոյեանութիւններ «Չեմփիընզ լիկ»: Ան խաղցած է Միացեալ Նահանգներու Նիւ Եորք Քոզմոս խումբին հետ 4 եղանակ` դառնալով ախոյեան 3 անգամ, ըլլալով Փելէի ալ խմբակից (1977-ին):
Ան Արեւմտեան Գերմանիոյ հետ շահած է 1972-ի Եւրոպայի ախոյեանութիւնն ալ իբրեւ խմբապետ: Ան Մարիօ Զակալլոյի եւ Տիտիէ Տեշանի հետ միասին միակ մարզիկն էր, որ իբրեւ մարզիչ ալ մոնտիալ շահած է:
2 անգամ Եւրոպայի տարուան լաւագոյն ֆութպոլիստ, ոսկի գնդակ 2 անգամ (1972 եւ 1976) ՖԻՖԱ-ի օրտըր օֆ մերիթ (1984), Պալոն տ՛օրի լաւագոյն 11-ի անդամ: Ֆրանց Պեքընպաուըր բոլոր ժամանակներու լաւագոյն կազմերուն մէջ միշտ ներկայութիւն եղած է, եւ առաջին մարզիկը, որ «հնարած» է Լիպերօ դիրքը, որ կեդրոնի պաշտպանողական դիրքէն կը յառաջանայ գնդակով` բաժնելով իր խաղընկերներուն, ղեկավարելով խաղը` ետեւէն առջեւ:


