Պրազիլի պատմութեան փայլուն անուններէն Մարիօ Զակալլօ ուրբաթ օր մահացաւ 92 տարեկան հասակին:
Զակալլօ, որ Փելէի մահէն ետք միակ ապրող մարզիկն էր 1958-ի մոնտիալը շահած Պրազիլի ազգային խումբէն, եղած էր առաջին անձը, որ իբրեւ ֆութպոլիստ եւ իբրեւ մարզիչ շահած էր մոնտիալը:
Արդարեւ, 1958-ին եւ 1962-ին շահելէ ետք մոնտիալ, ան 1970-ին եղած էր ախոյեան` իբրեւ մարզիչ:
Ան 1994-ին ալ մոնտիալը շահած ըլլալով օգնական մարզիչ` Քարլոս Ալպերթօ Փարէյրայի:
1922-ին Զակալլօ ստացաւ ՖԻՖԱ-ի կողմէ բարձրագոյն շքանշանը (ՖԻՖԱ օրտըր օֆ մերիթ) իր ներդրումներուն համար ֆութպոլի կեանքին մէջ: 2013-ին Ուորլտ Սոքըրը Զակալլոն ընտրած էր պատմութեան 9-րդ լաւագոյն մարզիչը: