Ձմեռնային փոխանցումներու շուկան բացուեցաւ այս ամիս, եւ արդէն ակումբներ կը նային իրենց «պէտք»-երուն` աւելի եւս զօրացնելու համար իրենց կազմերը:
Գերմանիոյ ախոյեան Պայերն Միւնիխ, որ ուրբաթ օր պիտի շարունակէ իր «Պունտըսլիկա»-ի արշաւը, անցեալ ամրան փոխանցումներու օրերէն հետաքրքրուած է պաշտպանողական գիծի մարզիկներով: Կեդրոնի պաշտպաններ թէ պաշտպանող միջնապահներ կան ցանկին վրայ:
Առայժմ Պայերն Միւնիխ մօտէն կը հետեւի Թոթենհամի մարզիկ Էրիք Տայըրով, Փարիզ Սեն Ժերմենի Նորտի Մուքիելէով, Ճենովայի կեդրոնի յետսապահ Ռատու Տրակուշինով յոյսով, որ քիչ մը ամրացնէ պաշտպանողական գիծը:
Ըստ «Սքայ Սփորթս»-ի թղթակից Ֆլորիան Ֆլեթընպըրկի, Պայերն հետաքրքրուած է նաեւ Լանսի կեդրոնի յետսապահ Քեւըն Տանսոյով:
Փարիզ Սեն Ժերմեն իր կարգին կը հետաքրքրուի Տանսոյով: Բայց Պայերն աւելի լրջօրէն կը հետեւի Լանսի կեդրոնի յետսապահին, մանաւանդ որ Ճենովայի մարզիկ Տրակուշին աւելի մօտ կը թուի Թոթենհամի, քան Պայերնի:
Տանսօ, որ անցեալ ամառ ալ Պայերնի ցանկին վրայ էր, նախընտրեց ստորագրել Լանսի հետ: Տանսօ Տրակուշինի նման կրնայ խաղալ քանի մը դիրքի վրայ: Ան կեդրոնի յետսապահի կողքին մասնակցած է նաեւ աջ եւ ձախ ծայրի պաշտպանողական դիրքի վրայ, ինչպէս նաեւ իբրեւ պաշտպանող միջնապահ:
Էրիք Տայըր կը փափաքի ըլլալ Հերի Քէյնի խմբակիցը` Միւնիխի կազմին մէջ, մինչ Փարիզ Սեն Ժերմեն կ՛ուզէ խորհրդակցիլ Եոշուա Քիմիչի հետ ձեռք ձգելու գերմանացի միջնապահը, որ Թոմաս Թուխելի հետ շատ լաւ վիճակի մէջ չէ վերջերս:
Միւս կողմէ, Լիվըրփուլի նախկին խմբապետ Ճորտըն Հենտերսըն կ՛ուզէ լքել Սէուտական Արաբիան եւ ինքզինք ներկայացուցած է Պայերն Միւնիխի եւ Պայեր Լեւերքուզընի: Իր փափաքն է վերադառնալ «Փրեմիըր Լիկ», սակայն որեւէ խումբ տակաւին չէ ներկայացուցած լուրջ առաջարկ: Նետերլանտներէն Այաքս Ամսթերամ առաջարկ մը տուած է Ճորտընի (33 տարեկան), որ առայժմ չի նախընտրեր Նետերլանտներ մեկնիլ: