Կիրակի օր Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց ախոյեանութեան գծով ՀՄԸՄ Անթիլիաս 86-30 արդիւնքով հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրեց Էն. Էս. Էյ.-ի դէմ: Առաջին մասին 31-8 արդիւնքով յառաջացած ՀՄԸՄ-ի մեր աղջիկները բաւական հանգստացուցին իրենք զիրենք, եւ մարզիչը անշուշտ առիթ տուաւ բոլոր 11 մարզիկներուն ալ մասնակցելու այս մրցումին: Փաթիլ Ասատուրեան ամէնէն մեծ թիւով կէտերը նշանակեց` 25 կէտ, ապա Փերլա Պու Նասըր 17 կէտ եւ 8 ռիպաունտ ձեռք ձգեց:
8-ական կէտեր նշանակեցին Ալիք Քէշիշեան եւ Լին Թամիմ, մինչ Ալիք Թապաքեան եւ Տիմա Շահին 6-ական կէտեր նշանակեցին: Ալիք Թապաքեան եւ Օսէան Թապպաք 10-ական ռիպաունտ ձեռք ձգեցին, իսկ Եաշա Զէյնուն 7 էսիսթ կատարեց:
ՀՄԸՄ-ի աղջկանց յաջորդ մրցակիցն է ախոյեան Պէյրութ Ֆըրսթ խումբը, որ այժմ կը մնայ միակ խումբը, որ իր բոլոր մրցումներուն ալ յաղթած է:
Մրցումը տեղի կ՛ունենայ հինգշաբթի, երեկոյեան ժամը 20:00-ին, Շիահի դաշտին վրայ: