Մարզական

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Հուփս – ՀՄԸՄ Անթիլիաս` 48-64

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Հուփս – ՀՄԸՄ Անթիլիաս` 48-64

Երեքշաբթի գիշեր, աղջկանց պասքեթպոլի ախոյեանութեան դարձի առաջին մրցումին, ՀՄԸՄ Անթիլիաս 64-48 արդիւնքով հանգիստ յաղթանակ մը տարաւ Հուփսի դաշտին վրայ: Երթին, 55-43 արդիւնքով յաղթական ՀՄԸՄ-ի մեր աղջիկները աւելի հանգիստ խաղցան եւ յաղթանակ մը եւս աւելցուցին իրենց 7 նախկին յաղթանակներուն վրայ: Ամէնէն շատ կէտեր նշանակեցին Փերլա Նասր (28 կէտ) եւ Փաթիլ Ասատուրեան (17 կէտ), Փերլա Ղաթթաս 11 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, մինչ Եաշա...

«Էն. Պի. Էյ.» Օքլահոմա Սիթի Պարտութեան Մատնեց Պոսթընը

«Էն. Պի. Էյ.» Օքլահոմա Սիթի Պարտութեան Մատնեց Պոսթընը

Մըրենթ Կը Փայլի Սփըրզի Դէմ «Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումները շարունակուեցան երէկ, եւ Օքլահոմա Սիթի Սենթըր կարեւոր յաղթանակ մը եւս արձանագրեց, այս անգամ` «Էն. Պի. Էյ.»-ի լաւագոյն արդիւնքները ձեռք ձգած Պոսթըն Սելթիքսի վրայ` 127-123 արդիւնքով: Օքլահոմա առայժմ յաղթած է իր վերջին 9 մրցումներէն 8-ն, որոնց կարգին 2 յաղթանակ Տենվըր Նակեթցի վրայ, Լոս Անճելըս Քլիփըրզի յաղթանակներու շարքը կտրող յաղթանակը, ինչպէս նաեւ արեւմտեան...

Էմպափէ Լիվըրփո՞ւլ, Թէ՞ Ռէալ Մատրիտ

Էմպափէ Լիվըրփո՞ւլ, Թէ՞ Ռէալ Մատրիտ

Ձմեռնային փոխանցումներու թուականը հասաւ, եւ ինչպէս անցեալ ամառ, թիւ 1 նիւթը Քիլիան Էմպափէի յաջորդ խումբի մասին էր: Էմպափէ ամրան մերժած էր ստորագրել նոր պայմանագրութիւն Փարիզ Սեն Ժերմենի հետ եւ բացակայեցաւ խումբին փորձերէն մինչեւ եղանակի սկիզբը: «Կամուրջներ շինուեցան» Էմպափէի եւ Փարիզ Սեն Ժերմենի նոր մարզիչ Լուիս Էնրիքէի կապերը զօրացնելու իմաստով, հակառակ անոր որ Էմպափէ չստորագրեց նոր պայմանագրութիւն: Փարիզ չ՛ուզեր մինչեւ ամառ...

Սանչօ Հաւանաբար Վերադառնայ  Տորթմունտ

Սանչօ Հաւանաբար Վերադառնայ Տորթմունտ

Մանչեսթըր Եունայթըտի ծայրի յառաջապահ Ճէյտըն Սանչօ հաւանաբար վերադառնայ իր առաջին ակումբը` Պորուսիա Տորթմունտ: 2021-ին Տորթմունտէն Մանչեսթըր Եունայթըտ եկած Սանչօ այս տարեշրջանին 1 մրցում կատարեց Եունայթըտի հետ, երբ մարզիչ Էրիք Թեն Հակի հետ առցանց անհամաձայնութիւններ երեւան ելան: Տորթմունտի հետ 104 մրցում կատարած եւ 38 կոլերու տէր Սանչօ, որ 64 էսիսթ ալ կատարած է, բնաւ առիթ չունեցաւ ինքզինք փաստելու Եունայթըտի հետ, ուր...

Թենիս. Նատալ Վերադարձաւ. Ճոքովիչ Վիրաւոր

Թենիս. Նատալ Վերադարձաւ. Ճոքովիչ Վիրաւոր

Աւստրալիոյ բաց մրցաշարքի նախօրեակին, Պրիզպէյնի թենիսի մրցաշարքի մրցումներուն գծով, սպանացի թենիսմեն Ռաֆայէլ Նատալ վերադարձաւ թենիսի դաշտերը` 2023-ը գրեթէ բացակայելով վիրաւորուելէ եւ դարմանուելի ետք: Իր առաջին մրցումին, Ռաֆայէլ Նատալ 7-5 եւ 6-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Տոմինիք Թիեմի դէմ: Բարձր մակարդակի թենիս մը ցուցաբերեցին կրան շլեմ շահած երկու մարզիկներն ալ եւ առաջին սեթին քիչ մը դժուար պայքարէ ետք, Նատալ ինքզինք աւելի...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Այսօր` ՀՄԸՄ – Շանվիլ

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ – Շանվիլ

Անդրանիկ - ՀՄԸՄ Անթիլիաս` 53-57 Այսօր երեկոյեան ժամը 21:45-ին, Մըզհերի «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, ՀՄԸՄ պիտի հիւրընկալէ Շանվիլը, Լիբանանի պասքեթպոլի ախոյեանութեան դարձի մրցումներուն գծով իր առաջին մրցումին: Երթին Շանվիլ 98-90 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրած էր, եւ աւելի լաւ կ՛ըլլայ, եթէ 9 կէտի առաւելութեամբ ՀՄԸՄ-ի տղաքը յաղթեն, առնուազն «Ֆայնըլ 4»-ի մնալու պարագային, եւ եթէ կէտերը հաւասարին,...

«Էն. Պի. Էյ.»  Եութա Ճեզ Վրէժ Լուծեց Տալասէն

«Էն. Պի. Էյ.» Եութա Ճեզ Վրէժ Լուծեց Տալասէն

«Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումները շարունակուեցան տօնական օրերուն, եւ Եութա Ճեզ, որ անցեալ 6 դեկտեմբերին 147-97 արդիւնքով ծանր պարտութիւն մը կրած էր Տալաս Մեւրիքսէն, երէկ կրցաւ 37 կէտի առաւելութեամբ յաղթական դուրս գալ 127-90 արդիւնքով: Անցեալ 8 դեկտեմբերէն ետք առաջին անգամ ըլլալով Քայրի Ըրվինկ վերադարձաւ Տալաս, սակայն այլ խմբակից մը` Տանթէ Էքսըմ, վիրաւորուեցաւ 2-րդ մասին, ինչ որ բաւական «խանգարեց» մթնոլորտը: Ճորտըն Քլարքսըն...

«Փրեմիըր Լիկ».  Արսենալ Կը Նահանջէ, Լիվըրփուլ` Առաջին

«Փրեմիըր Լիկ». Արսենալ Կը Նահանջէ, Լիվըրփուլ` Առաջին

23 դեկտեմբերին տեղի ունեցաւ «Փրեմիեր լիկ»-ի 18-րդ հանգրուանի գագաթի մրցումը` Լիվըրփուլի եւ Արսենալի միջեւ: Մինչեւ այդ օրը` Արսենալ 39 կէտով առաջին դիրքը կը գրաւէր, մինչ Լիվըրփուլ 3-րդ դիրքը` 38 կէտով: Արդիւնքը 1-1 աւարտեցաւ, ապա Արսենալ 28 դեկտեմբերին Ուեսթ Համի դէմ (0-2) եւ 31 դեկտեմբերին Ֆուլհամի դէմ (1-2) պարտութիւններ կրեց եւ այժմ 4-րդ դիրքը կը գրաւէ 40 կէտով: Լիվըրփուլ գրաւեց պարագլուխի...

«Ֆորմիւլա 1».  Սաուպըր Պիտի Մասնակցի Սթէյք Ֆ1 Անունով

«Ֆորմիւլա 1». Սաուպըր Պիտի Մասնակցի Սթէյք Ֆ1 Անունով

Զուիցերիական Սաուպըր «Ֆորմիւլա 1»-ի խումբը յայտարարեց, թէ 2024 եւ 2025 տարիներուն իրենց խումբը Սթէյք Ֆ1 անունով պիտի մասնակցի կրան փրիներուն, ի վերջոյ` 2026-ին դառնալով Աուտի խումբը: Խումբը անցեալ տարի Ալֆա Ռոմէօ անունով մասնակցեցաւ, բայց Սթելլանթիսի մաս կազմող վաճառանիշը այժմ լքած է խումբը: Սթէյք ընկերութիւնը, որ ունի առցանց Քազինօ, ժամանցի եւ նորաձեւութեան բաժիններ, պիտի ըլլայ Սաուպըրի հիմնական հովանաւորը, որ կը հովանաւորէ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Այսօր` Անդրանիկ – ՀՄԸՄ Անթիլիաս

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Անդրանիկ – ՀՄԸՄ Անթիլիաս

Այսօր կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, «Տեմիրճեան» կեդրոնի պասքեթպոլի դաշտին վրայ, ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջիկները պիտի կատարեն երթի իրենց վերջին մրցումը` Անդրանիկի դէմ: 9-րդ հանգրուանի վերջին այս մրցումով վերջ կը գտնեն երթի մրցումները եւ անմիջապէս երեքշաբթի օր կը սկսին դարձի մրցումները` Նոր տարուան 2-րդ օրը: Երեքշաբթի գիշեր ժամը 21:00-ին Հուփս պիտի մրցի ՀՄԸՄ Անթիլիասի դէմ, Նահր Մոթի «Միշել Մըր» կեդրոնի պասքեթպոլի դաշտին...

Հենրիխ Մխիթարեան` Հայաստանի 2023-ի  Լաւագոյն Ֆութպոլիստը

Հենրիխ Մխիթարեան` Հայաստանի 2023-ի Լաւագոյն Ֆութպոլիստը

Երէկ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը յայտարարեց Հայաստանի 2023-ի լաւագոյն ֆութպոլիստներու քուէարկութեան արդիւնքները: Ըստ «Արմէնփրես»-ի Իտալիոյ Ինթեր Միլան ակումբի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան 81 կէտ հաւաքելով ընտրուած է լաւագոյն ֆութպոլիստ: Երկրորդ դիրքը գրաւած է Ռուսիոյ Կրասնոտար ակումբի միջնապահ Էդուարդ Սփերձեան` 48 կէտ հաւաքելով: 21 կէտով երրորդ դիրքը գրաւեց Սէուտական Արաբիոյ Ֆաթեհ ակումբի յառաջապահ Լուքաս Զելարացեան: Նշենք, որ ֆետերասիոնը աւելի կանուխ յայտարարած էր, թէ...

Արսենալի Խմբապետ Օտըկաարտ Կը «Ցաւի» Կորսուած Առիթներուն Համար…

Արսենալի Խմբապետ Օտըկաարտ Կը «Ցաւի» Կորսուած Առիթներուն Համար…

Հինգշաբթի, Արսենալ իր դաշտին վրայ 2-0 արդիւնքով անակնկալ պարտութիւն մը կրեց Ուեսթ Համէն: Արսենալ սուղ վճարեց մեծ թիւով առիթներ կորսնցնելու գինը, եւ խմբապետ Մարթին Օտըկաարտ յայտնեց, որ ցաւալի է այս առիթներէն չօգտուիլը, բայց պէտք է սխալներէն սորվիլ` զանոնք չկրկնելու պայմանով: Թոմաս Սուչեք եւ Քոսթանթինոս Մալրոփանոս նշանակեցին 2 անպատասխան կոլերը: Պուքայօ Սաքա մէկ անգամ Ուեսթ Համի բերդի ձողին հարուածեց, մինչ Կապրիել...

«Էն. Պի. Էյ.».  Եոքիչ` Անսխալ

«Էն. Պի. Էյ.». Եոքիչ` Անսխալ

Երէկ «Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումները շարունակուեցան, եւ Տենվըրի սերպ սենթըր Նիքոլա Եոքիչ անսխալ էր դաշտին վրայ իր բոլոր հարուածներով, եւ նշանակեց 26 կէտ` ձեռք ձգելով 14 ռիպաունտ եւ 10 էսիսթ, տարեշրջանի առաւելագոյն կէտեր նշանակած Տենվըր Նակեթցը առաջնորդելով Մեմֆիս Կրիզլիզի դէմ (142-105) մրցումին: Տենվըրի ամէնէն շատ կէտ բերած մրցումն էր երէկ, ուր Եոքիչ իր 11 փորձերէն 11-ն ալ նշանակեց մէկ հատ...

Քարլօ Անչելոթթի Ռէալ Մատրիտի Հետ Մինչեւ 2026 Երկարաձգեց Իր Պայմանագիրը

Քարլօ Անչելոթթի Ռէալ Մատրիտի Հետ Մինչեւ 2026 Երկարաձգեց Իր Պայմանագիրը

Իտալացի միջազգային մարզիչ Քարլօ Անչելոթթի վերջ դրաւ բոլոր շշուկներուն, ըստ որոնց ան պիտի ստանձնէ Պրազիլի ազգային խումբը 2024-ի ամրան: Ան երէկ ստորագրեց 2 տարուան երկարաձգում` Ռէալ Մատրիտի հետ, որ այժմ կը գրաւէ Սպանիոյ ախոյեանութեան առաջին դիրքը` Ժերոնայի հետ 45 կէտեր հաւաքելով 18 մրցումներէ ետք: Իտալացի մասնագէտը Ռէալ Մատրիտի հետ շահած է 10 տիտղոս, որոնց կարգին` 2 «Չեմփիընզ լիկ»-եր, 2 «Եու....

Լիվըրփուլի Մարզիչ Քլոփ, Դէմ Չէ ՎԱՐ-ին

Լիվըրփուլի Մարզիչ Քլոփ, Դէմ Չէ ՎԱՐ-ին

Կարճ հարցազրոյցի մը ընթացքին Լիվըրփուլի գերմանացի գլխաւոր մարզիչ Եուրկըն Քլոփ յայտնեց, որ ՎԱՐ-ը պէտք է աւելի լաւ օգտագործել: «Խնդիրը հոն է, որ մենք բոլորս կը տեսնենք ամէն օր, եւ նոյն բանը կ՛ըսենք կամ կը մտածենք, թէ ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ: Երկու կոլ Արսենալի հետ մրցումին... Մենք կրնանք շարունակել ու շարունակել: Հեռացնե՞լ ՎԱՐ-ը: Ո՛չ: Պէտք է աւելի լաւ օգտագործել ՎԱՐ-ը», ըսաւ Քլոֆ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Վաղը` Անդրանիկ – ՀՄԸՄ Անթիլիաս

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Վաղը` Անդրանիկ – ՀՄԸՄ Անթիլիաս

Ռիատիի Տղաքը Յաղթեցին Սաժեսի Դաշտին Վրայ Վաղը, երեկոյեան ժամը 16:00-ին, «Տեմիրճեան» կեդրոնի պասքեթպոլի դաշտին վրայ, ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջիկները պիտի կատարեն իրենց երթի վերջին մրցումը Անդրանիկի դէմ, 9-րդ հանգրուանի գծով վերջին մրցումին: ՀՄԸՄ Անթիլիաս կը գրաւէ 3-րդ դիրքը` 6 յաղթանակով եւ 2 պարտութեամբ, մինչ Անդրանիկ կը գրաւէ 6-րդ դիրքը` 4-րդ դիրքը գրաւող Չեմփսի եւ Հուփսի (5-րդ) նման 4 յաղթանակով եւ 4...

«Էն. Պի. Էյ.».  Քեւըն Տիւրենթ Իր Ասպարէզի 18-րդ Թրիփըլ Տապըլը Իրագործեց

«Էն. Պի. Էյ.». Քեւըն Տիւրենթ Իր Ասպարէզի 18-րդ Թրիփըլ Տապըլը Իրագործեց

Երէկ «Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումներուն 3 յաջորդական պարտութիւններ կրելէ ետք Ֆէօնիքս Սանզ կրցաւ 129-113 արդիւնքով պարտութեան մատնել Հիւսթըն Ռոքեթցը, Թեքսասի մէջ: Քեւըն Տիւրենթ 27 կէտ, 10 ռիպաունտ եւ 16 էսիսթ (իր ասպարէզի առաւելագոյնը) կատարեց ի նպաստ Ֆէօնիքսի` նշանակելով իր ասպարէզի 18-րդ թրիփըլ-տապըլը, 26 նոյեմբերէն ետք օտար դաշտի վրայ առաջին յաղթանակը արձանագրելով: Էրիք Կորտըն 27 կէտ եւս նշանակեց իր նախկին խումբին...

Համլեթ Ասոյեան Հեռացաւ Վան Ակումբէն

Համլեթ Ասոյեան Հեռացաւ Վան Ակումբէն

Կեդրոնի պաշտպան Համլեթ Ասոյեան հեռացաւ Չարենցաւանի Վան խումբէն, ըստ ակումբի մամլոյ ծառայութեան: Ակումբին եւ ֆութպոլիստին միջեւ պայմանագրութիւնը խզուած է երկու կողմերուն համաձայնութեամբ: Հայաստանի երիտասարդներու հաւաքականի նախկին ֆութպոլիստ Համլեթ Ասոյեան անցեալ տարեշրջանի ամրան միացած էր Վանի` միանալով Արցախ խումբէն: Համլեթ Ասոյեան մաս կազմած է նաեւ ՀՄԸՄ Պէյրութի ներկայացուցչական խումբին` 2017-ին եւ 2018-ին, երբ խումբը Բ. դասակարգին մաս կը կազմէր: Ան նախապէս...

«Սերի Ա.».  Այսօր` Ճենովա – Ինթեր

«Սերի Ա.». Այսօր` Ճենովա – Ինթեր

Այսօր կը սկսին «Սերի Ա.»-ի 18-րդ հանգրուանի մրցումները, ուր պարագլուխի դիրքը գրաւող Ինթեր Միլան, որ 4 կէտի առաւելութիւն մը ունի Բ. դիրքը գրաւող Եուվենթուսի վրայ, պիտի մեկնի Իտալիոյ Ճենովա քաղաքը` մրցելու տեղւոյն ակումբին դէմ, Միլանոյէն 152 քմ հեռու: Լաութարօ Մարթինեզ Ճենովա, որ 13րդ դիրքը կը գրաւէ, 2 շաբաթ առողջ հաւասարութիւն մը արձանագրած էր Եուվենթուսի հետ նոյն իր դաշտին մէջ: Ան...

«Փրեմիըր Լիկ».  Սիթի 3-1 Արդիւնքով Յաղթեց Էվըրթընի

«Փրեմիըր Լիկ». Սիթի 3-1 Արդիւնքով Յաղթեց Էվըրթընի

ՖԻՖԱ-ի աշխարհի ակումբներու ախոյեան Մանչեսթըր Սիթի վերադարձաւ Անգլիա եւ կատարեց իր առաջին մրցումը չորեքշաբթի գիշեր, Լիվըրփուլ քաղաքին մէջ` Էվըրթընի դաշտին վրայ: 29-րդ վայրկեանին Ճեք Հերիսըն բացաւ մրցումին հաշիւը ի նպաստ Էվըրթընի, բայց Կուարտիոլայի տղաքը Բ. կիսախաղի 8-րդ վայրկեանին փոխադարձեցին շնորհիւ Ֆիլ Ֆոտընի, ապա Խուլիան Ալվարեսի (փենալթիով) եւ Պեռնարտօ Սիլվայի: Սիթի, որ Սէուտական Արաբիայէն վերադառնալէ ետք (4-0 արդիւնքով յաղթած էր Ֆլումինեսէի)...

Page 233 of 1281 1 … 232 233 234 … 1,281

Արխիւներ