Լեռնալիբանանի ֆութպոլի մասնակի ֆետերասիոնը երէկուան ժողովին, վաւերացուց Դ. դասակարգի մրցումներուն արդիւնքները, ներառեալ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի 10-0 արդիւնքով յաղթանակը` Հատաթ Ռիատիի դէմ:
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի յաջորդ մրցումը` 5-րդ հանգրուանի գծով, տեղի պիտի ունենայ շաբաթ, 13 յունուարին, կէսօրուան ժամը 2:00-ին, Իսթիքլալի դէմ:
Պուրճ Համուտի պատանիները, որոնք 3-2 արդիւնքով յաղթած էին Հատաթի պատանիներուն, պիտի մրցին Սփորթինկ Ռիատիի դէմ նոյն օրը, նոյն ժամուն, Շարքի դաշտին վրայ: