Այսօր ժամը 19:30-ին, Պըրժ Այնթուրայի դաշտին վրայ, ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջիկները, Լիբանանի ախոյեանութեան 13-րդ հանգրուանի մրցումներուն գծով պիտի մրցի Մթայլեպի դէմ: Երթին, Մըզհերի մէջ ՀՄԸՄ Անթիլիաս 68-54 արդիւնքով յաղթած էր Մթայլեպին, որ 7-րդ դիրքը կը գրաւէ դասաւորման մէջ:
ՀՄԸՄ-ի աղջկանց խումբը 3-րդ դիրքը կը գրաւէ եւ 9 յաղթանակ արձանագրած է 3 պարտութեան կողքին:
Կը սպասուի, որ յաղթանակներու շարքը հասնի 10-ի այսօր իրիկուն, ուր մեր քոյրերը մարզիչին ցուցմունքներով պէտք է ուրախացնեն մեր համակիրները:


