Շաբաթավերջին սկսաւ Ափրիկէի բաժակի մրցաշարքը, զոր կը հիւրընկալէ Փղոսկրեայ Ափունքը: 34-րդ մրցաշարքին, որ իրար դէմ կը հանէ Ափրիկէի 24 լաւագոյն խումբերը, սուր մրցակցութիւն կը նախատեսուի բոլոր խումբերու միջեւ, որոնք գրեթէ նոյն մակարդակի խումբեր են:
Վերջին մրցաշարքի ախոյեան Սենեկալ, որ 2021-ին առաջին անգամ ըլլալով դարձած էր ախոյեան, 3-0 արդիւնքով հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրեց Կամպիոյ դէմ: Փափէ Կէօյ (Մարսէյ) եւ Լամին Քամարա (2) նշանակեցին Սենեկալի կոլերը: Եգիպտոս 2-2 արդիւնքով կրցաւ վերջին վայրկեանին հաւասարիլ Մոզամպիքի հետ: Հակառակ առաջին կոլը նշանակելուն, Եգիպտոս 2 անակնկալ կոլեր ստացաւ եւ մինչեւ 91-րդ վայրկեան կը պարտուէր, երբ իրաւարարը ի նպաստ Եգիպտոսի տուաւ փենալթի մը, որ կոլի վերածեց Լիվըրփուլի աստղ Մոհամետ Սալահ: Նոյն խմբակին մէջ (Բ. խմբակ) Ղանա 1-2 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Քափէ Վերտէէն: Մոնթերօ եւ Տուարթէ նշանակեցին Քափէ Վերտէի կոլերը մինչ Ալեքսանտր Ճիքու նշանակած էր Ղանայի միակ կոլը:
Հիւրընկալ Փղոսկրեայ Ափունք 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնած էր Կինի – Պիսաոը: Սեքօ Ֆոֆանա եւ Ժան-Ֆիլիփ Քրասօ նշանակեցին հիւրընկալ երկրի ազգային խումբին կոլերը: Նոյն խմբակէն, Նիկերիա 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Էքու Մերձարեւադարձային Կինէի հետ:
Քամերուն 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Կինէի հետ: Մոհամետ Պայօ 10-րդ վայրկեանին նշանակած էր Կինէի կոլը: 45-րդ վայրկեանին Ֆրանսուա Քամանօ կարմիր քարտ մը ստացաւ կոշտ ֆաուլէ մը ետք: 51-րդ վայրկեանին Քամերուն օգտուեցաւ թիւի առաւելութենէն եւ նշանակեց կոլ մը` շնորհիւ Ֆրանք Մակրիի, բայց չկրցաւ կոլ մը եւս նշանակել:
Դ. խմբակին մէջ, Ալճերիա 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Անկոլայի հետ: Պաղտատ Պունեճահ 18-րդ վայրկեանին նշանակեց Ալճերիոյ կոլը, բայց Անկոլա 68-րդ վայրկեանին փենալթիով նշանակեց հաւասարութեան կոլը` շնորհիւ Մապուլուի: Հակառակ տիրապետելուն, Ալճերիա չկրցաւ յաղթանակի կոլը նշանակել:


