Շաբաթ օր «Միշել Մըր» մարզադաշտին վրայ ՀՄԸՄ-ի տղոց խումբը շատ հանգիստ մրցում մը ունեցաւ Հուփսի դէմ եւ 86-49 արդիւնքով մեծ յաղթանակ մը արձանագրեց:
ՀՄԸՄ-ի տղաքը մրցումին սկիզբէն տիրապետեցին եւ նոր օտար մարզիկով` Զեք Լոֆթընի հետ շատ հանգիստ մրցում մը կատարեցին:
Խմբային գեղեցիկ խաղ, պայքարի ոգի, պաշտպանողական թէ յարձակողական գետնի վրայ գրեթէ ամբողջական մրցում:
Առաջին մասին, Տուէյն Ճեքսըն 8 կէտ, Ժերար Հատիտեան 7 կէտ, Կերի Չիւիչեան (5 կէտ), Էլիա Հոլմըն (3) եւ Զեք Լոֆթըն (3) եղան ՀՄԸՄ-ի նշանակողները` խմբային գեղեցիկ խաղարկութեամբ 26-14 յառաջդիմելով: Երկրորդ մասին քիչ մը աւելի հաւասարակշռուեցաւ խաղը, սակայն Հուփսի մարզիչ Զիատ Նաթուր գոհ չէր եւ դուրս բերաւ խումբին օտար Ճեսի Ճեքսընը, որ անցեալ տարի ՀՄԸՄ-ի հետ ելոյթ ունեցած էր երթի մրցումներուն:
Պէտք է ըսել նաեւ, որ Նաթուր մրցումէն ետք իր հրաժարականը ներկայացուց: Այս մասին ՀՄԸՄ 20-17 արդիւնքով յառաջացաւ, եւ կիսախաղին արդիւնքը 46-31 էր ի նպաստ ՀՄԸՄ-ի:
Էլիաս Թոմաս շատ հանգիստ ռիպաունտ կ՛առնէր եւ ֆաուլ շահելով կողով կը նշանակէր կէտերու իր հաշիւը բարձրացնելով 15-ի:
Ժերար մինչեւ կիսախաղ 10 կէտ նշանակած էր եւ պլոք մը կատարած: 3-րդ մասին ՀՄԸՄ 22 կէտ նշանակեց 10-ի դիմաց, իսկ վերջին մասին 18 կէտ` 8-ի դիմաց:
ՀՄԸՄ-էն ամէնէն աւելի մասնակցեցաւ Տուէյն Ճեքսըն (32 վայրկեան) եւ նշանակեց 18 կէտ (ներառեալ` 4 հատ 3 կէտնոց կողով), 8 ռիպաունտ եւ 7 էսիսթ:
Էլիա Հոլմըն 23 վայրկեան մասնակցեցաւ` նշանակելով 20 կէտ եւ 12 ռիպաունտ` իրագործելով տապըլ տապըլ:
Ժերար Հատիտեան 22 վայրկեան խաղցաւ, նշանակեց 16 կէտ եւ կատարեց 4 ռիպաունտ: Կապրիէլ Աճեմեան 18 վայրկեան խաղցաւ, նշանակեց 10 կէտ եւ 3 սթիլ կատարեց: Կէտեր նշանակեցին նաեւ Կերի Չիւիչեան (8 կէտ) Ճեմի Սալեմ (6 կէտ), Զեք Լոֆթըն (5 կէտ) եւ Ժատ Խալիլ (3 կէտ): Իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Թանիոս Աքիքի, Սէրուժ Ավտիսեան եւ Գէորգ Գէորգ:
Այժմ ՀՄԸՄ-ի տղաքը կը մեկնին Տուպայ` մասնակցելու համար Տուպայի միջազգային 33-րդ մրցաշարքին, որ պիտի սկսի ուրբաթ, 19 յունուարին: ՀՄԸՄ-ի տղաքը շաբաթ օր պիտի կատարեն իրենց առաջին մրցումը` Ահլի Թրիփոլիի (Լիպիա) դէմ: