Ուրբաթ օր Լուսէյլի մէջ (Քաթար) տեղի ունեցաւ Ասիոյ ֆութպոլի 18-րդ բաժակի մրցաշարքը, որ կը հիւրընկալէ Քաթարը:
2022-ի մոնտիալը հիւրընկալած Քաթար անգամ մը եւս կը հիւրընկալէ միջազգային մեծ մրցաշարք մը: Բացման հանդիսութենէն ետք տեղի ունեցաւ Քաթար-Լիբանան բացման մրցումը, ուր Լիբանան 3-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց առաջին խմբակին մաս կազմող Քաթարէն, 89 հազար համակիրներու ներկայութեան:
Բ. խմբակին մէջ, Աւստրալիա 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Հնդկաստանը: Լիբանանի խմբակին մաս կազմող Չինաստան եւ Տաճիկիստան ճերմակ հաւասարութիւն մը արձանագրեցին իրար դէմ:
Բ. խմբակին մէջ, Սուրիա ճերմակ հաւասարութիւն մը արձանագրեց Ուզպեքիստանի հետ: Դ. խմբակին մէջ, Ճափոն 4-2 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Վիեթնամը: Գ. խմբակին մէջ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ 3-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Հոնկ Քոնկը:
Այսօր, Հարաւային Քորէա պիտի մրցի Պահրէյնի դէմ, իսկ Մալեզիա` Յորդանանի դէմ (Ե. խմբակ), մինչ Ինտոնեզիա պիտի մրցի Իրաքի դէմ (Դ. խմբակ):