Սլովենիոյ միջազգային հրաձգութեան մրցաշարքին, Հայաստանի հաւաքականի անդամները անգամ մը եւս մետալներ նուաճեցին:
Արդարեւ Այ. Էս. Էս. Էֆ. կրան փրիի Սլովենիոյ միջազգային մրցաշարքին, Էլմիրա Կարապետեան-Բենիկ Խլղաթեան զոյգը 10 մեթր օդամղիչ ատրճանակ միքս մրցաձեւին, նախ 579 (219/288) կէտով հասաւ աւարտական հանգրուան. ապա աւարտականին Չեխիոյ դէմ 17-15 արդիւնքով դարձաւ մրցաշարքի ախոյեան:
Հայաստանի միւս ներկայացուցիչները` Նարէ Գաբրիէլեան-Գէորգ Մելքոնեան զոյգը, 16-14 արդիւնքով յաղթելէ ետք Հունգարիոյ, դարձաւ մրցաշարքի պրոնզէ մետալակիր:


