Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Չեմփս 69-41
Ուրբաթ գիշեր, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» դաշտին վրայ, ՀՄԸՄ Անթիլասի աղջիկները 69-41 արդիւնքով շատ հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրեցին Չեմփսի դէմ: ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջիկները ամէն գետնի վրայ աւելի լաւ էին Չեմփսէն: 47 ռիպաունտ ընդդէմ 26-ի, 8 սթիլ ընդդէմ 7-ի: Փաթիլ Ասատուրեան 25 կէտ նշանակեց եւ 4 ռիպաունտ ձեռք ձգեց: Փերլա Պու Նասր աւելցուց 19 կէտ` ձեռք ձգելով 10...




















