Կիրակի գիշեր Ռիատի մէջ (Սէուտական Արաբիա) տեղի ունեցաւ սպասուած «Էլ Քլասիքօ»-ն` Սպանիոյ գերբաժակի աւարտական մրցումին, Ռէալ Մատրիտի եւ Պարսելոնայի միջեւ:
Մրցումը եղաւ գրեթէ միակողմանի, ուր Ռէալ տիրապետեց ամէն գետնի եւ դաշտի բոլոր դիրքերուն վրայ:
Անցեալ տարուան կրկնուած աւարտականը այս անգամ ի նպաստ Ռէալի էր, որուն յառաջապահ Վինիսիուսը հեթրիք մը իրագործեց առաջին կիսախաղին: Արդարեւ, առաջին կոլին, օգտուելէ ետք Ճուտ Պելինկհեմի փոխանցումէն, արագավազ «Վինի» 7-րդ վայրկեանին առանձին սուրաց դէպի Պարսայի բերդը, խաղի բերաւ Պարսելոնայի պահեստի բերդապահ Ինիաքի Փենիան եւ նշանակեց պարապ բերդին մէջ:
3 վայրկեան ետք այս անգամ աջ կողմէն հակայարձակում մը եւ գնդակը հասաւ Ռոտրիկոյին, որ քառակուսի մտնելու ժամանակ փոխանցեց ձախ` Վինիսիուսի, որ սահելով գնդակը զետեղեց Պարսելոնայի բերդին մէջ:
39-րդ վայրկեանին փենալթի մը ի նպաստ Ռէալի, եւ Վինիսուս ամբողջացուց հեթ-թրիքը: Այս կոլէն 6 վայրկեան առաջ, Լեվանտովսքի չնչին յոյսեր տուած էր Պարսելոնային` նշանակելով Պարսայի միակ կոլը զօրաւոր հարուածէ մը ետք:
Բ. կիսախաղին, Պարսելոնա գրեթէ յանձնուած էր, եւ Ռէալ աւելի առիթ ստեղծեց կոլերու: 64-րդ վայրկեանին «Վինի» փոխանցում մը փորձեց կատարել Պելինկհեմին, պաշտպանող մը ետ զսպեց, բայց գնդակը հասաւ Ռոտրիկոյի, որ նշանակեց Ռէալի 4-րդ կոլը:
Պարսելոնա, Ռէալի 2-րդ եւ 3-րդ կոլերուն միջեւ քանի մը առիթ ստեղծեց, չկրցաւ ինքզինք գտնել, վիճակ մը, որ խումբը այս տարեշրջանի սկիզբէն կ՛ապրի: Հակառակ լաւ տարրեր ունենալուն խումբը լաւ ելոյթներ չի կրնար ցուցաբերել, բան մը, որ մարզիչ Չաւին ալ կը շուարեցնէ: Ան հաւանաբար այդ պատճառով ալ շատ անգամ տարբեր 11 մարզիկներ դաշտ կը ներկայացնէ տարբեր մրցակիցներու դէմ: Այս բոլորին վրայ, վիրաւոր մարզիկները շատ անգամ մարզիչին չեն օգներ կազմի մը վրայ հաստատ մնալու:
Յիշեցնենք, թէ փորթուգալցի պաշտպան Արաուխօ 2 դեղին քարտ ստանալէ ետք դաշտէն դուրս ուղղուեցաւ 71-րդ վայրկեանին:
Երբ «Վինի» առաջին կոլը նշանակեց, Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի տօնած ձեւով տօնեց համակիրներուն առջեւ` Սիու Գուազով, բան մը, որ դաշտին մէջ ուրախութեան մթնոլորտ ստեղծեց:
Անգլիոյ «Փրեմիըր լիկ»-ի 21-րդ հանգրուանի մրցումներուն գծով, Օլտ Թրեֆորտի մէջ, Մանչեսթըր Եունայթըտ իր դաշտին վրայ 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց 5-րդ դիրքը գրաւող Թոթենհամի հետ: Ռասմըս Հոյլունտ 3-րդ վայրկեանին բացաւ մրցումին հաշիւը, բայց Ռիչարլիսոն 19-րդ վայրկեանին նշանակեց Թոթենհամի հաւասարութեան կոլը: 40-րդ վայրկեանին Մարքըս Ռաշֆորտ նշանակեց Եունայթըտի 2-րդ կոլը: Երկրորդ կիսախաղը հազիւ սկսած, Ռոտրիկօ Պենթաքուր Թիմօ Վերնըրի փոխանցումէն օգտուելով նշանակեց Թոթենհամի հաւասարութեան կոլը:
Հակառակ 2 կէտ կորսնցնելուն իր դաշտին վրայ, Էրիք Թեն Հեկ յայտնեց, որ խումբը սկսած է իրար հասկնալ, մանաւանդ յառաջապահ զոյգ Հոյլունտ – Ռաշֆորտը: Այս տարեշրջանին Հոյլունտ 2 կոլ նշանակած է, մինչ Ռաշֆորտ` 4:
Այսօր կը շարունակուին Անգլիոյ բաժակի Գ. հանգրուանի մրցումները, որոնք անցեալ շաբաթ սկսած էին Արսենալ – Լիվըրփուլ (0-0) ճակատումով:
Ստորեւ այսօրուան եւ վաղուան մրցումներուն յայտագիրը.
Վուլվզ – Պրենթֆորտ
Պրիսթոլ Սիթի – Ուեսթ Համ
Պոլթըն – Լիւթըն
Պերմինկհեմ – Հալ Սիթի
ՎԱՂԸ
Էվըրթըն – Քրիսթըլ Փելես
Պլեքփուլ – Նոթինկհամ Ֆորեսթ
Պրիսթոլ Ռովըրզ – Նորիչ Սիթի
. Իտալիոյ մէջ 21-րդ հանգրուանի մրցումներուն գծով Ֆիորենթինա 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Ուտինեզէի հետ, մինչ Ա. Սէ. Միլան 3-1 արդիւնքով յաղթեց Ա. Էս. Ռոմայի:
Այսօր գիշեր Եուվենթուս պիտի մրցի Սասուլոյի դէմ, Թորինոյի մէջ:
. Ֆրանսայի մէջ, 18-րդ հանգրուանի մրցումներուն գծով, Փարիզ Սեն Ժերմեն 8-րդ դիրքը գրաւող Լանսի դաշտէն 2-0 արդիւնքով յաղթական դուրս եկաւ:
Պարքոլա եւ Էմպափէ նշանակեցին փարիզեան կազմին կոլերը:
Ստորեւ` 18-րդ հանգրուանի մրցումներուն արդիւնքները.
Մարսէյ – Սթրազպուրկ 1-1
Ա. Էս. Մոնաքօ – Ռենս 1-3
Ռեն – Նիս 2-0
Լիլ – Լորիան 3-0
Պրեսթ – Մոնփելիէ 2-0
Նանթ – Քլերմոն 1-2
Մեձ – Թուլուզ 0-1
Լը Հաւր – Լիոն 3-1
Լանս – Փարիզ Սեն Ժերմեն
| ԴԱՍԱՒՈՐՈՒՄ | ԿԷՏ |
| 1.- Փարիզ Սեն Ժերմեն | 43 (44-14) |
| 2.- Նիս | 35 (19-11 |
| 3.- Պրեսթ | 34 (27-15) |
| 4.- Մոնաքօ | 33 (34-25) |
| 5.- Լիլ | 31 (24-14) |
| ……………… | ……………… |
| 16.- Լիոն | 16 (17-30) |
| 17.- Քլերմոն | 14 (13-27) |
| 18.- Լորիան | 12 (21-38) |


