Էրիք Տայըր 10 տարի խաղալէ ետք Թոթենհամի հետ միացաւ Պայերն Միւնիխին: Անգլիոյ ազգային խումբի կեդրոնի յետսապահ Տայըր, որ կեդրոնի միջնապահ դիրքի վրայ ալ կը խաղայ, վերջերս Թոթենհամի մարզիչ Փոսթեքոկլուի հետ լաւ կապի մէջ չէր, մանաւանդ որ մարզիչը կը նախընտրէր դաշտ ներկայանալ Էմերսոն – Պեն Տէյվիս զոյգով` դուրս ձգելով Տայըրը:
29 տարեկան Տայըր միացաւ Պայերնին 6 ամսուան համար, բայց այդ ժամկէտը կրնայ տարիով մը երկարաձգուիլ, ըստ համաձայնութեան:
«Երազ մըն էր Պայերն Միւնիխին միանալը: Երեխայ եղած ժամանակ միշտ փափաք կ՛ունենաս Պայերնի նման միջազգային լաւ ակումբի հետ խաղալ: Կ՛ուզեմ խումբը պաշտպանողական գետնի վրայ զօրացնել», ըսաւ Տայըր:


