Ա. Էս. Ռոմա իտալական ակումբը երէկ յայտարարեց, թէ շնորհակալութիւն յայտնած է իր փորթուգալցի մարզիչ Ժոզէ Մուրինիոյին եւ իր անձնակազմին` մօտ 3 տարի մարզելու համար իտալական մայրաքաղաքի խումբը:
«Հիանալի յիշողութիւններ ունինք Ժոզէի հետ եւ իր աշխատանքէն, բայց կը կարծենք, որ փոփոխութիւններ անհրաժեշտ են», յայտնեցին Ռոմայի տէրերը` Տեն եւ Ռայըն Ֆրիտքին:
Մուրինիօ (60 տարեկան) իր պաշտօնը ստանձնած էր մայիս 2021-ին` առաջնորդելով Ռոման Եւրոպայի «Քոնֆըրընս լիկ»-ի տիտղոսին տարի մը ետք, եւ Եւրոպայի «Եուրոփա լիկ»-ի աւարտականին 2023-ին:
Բայց այժմ Ռոմա 9-րդ դիրքը կը գրաւէ «Սերի Ա.»-ի մէջ եւ 5 կէտերով հեռու է «Չեմփիընզ լիկ»-ի դիրքերէն: Ռոմա անցեալ շաբաթ դուրս մնաց Իտալիոյ բաժակի մրցաշարքէն` պարտուելէ ետք իր քաղաքակից եւ մրցակից Լացիոյէն:
Նախկին միջնապահ Տանիելէ Տը Ռոսի պիտի փոխարինէ Մուրինիոն: «Կը կարծենք, թէ իր առաջնորդելու կարողութիւնը եւ ձգտումը միշտ եղած էին իր զօրաւոր կէտերը, բան մը, որ վճռական կրնայ ըլլալ ակումբին հետապնդելիք նպատակներուն համար` մինչեւ եղանակի աւարտը», ըսին Ռոմայի տէրերը:
Նշենք, որ Տանիելէ անմիջապէս ընդունած էր առաջարկը, որովհետեւ ան 18 տարիներ եղած է Ռոմայի հետ իբրեւ վստահելի պաշտպանող միջնապահ եւ 2017-էն 2019, երբ խմբապետ Ֆրանչեսքօ Թոթիի լքեց ֆութպոլը: Ան 36 տարեկանին լքեց Ռոման եւ 5 մրցում կատարեց Պոքա Ճունիորզի հետ, ապա լքեց ֆութպոլը 2020-ին: