Արժանթինցի ֆութպոլի աստղ Լիոնել Մեսսի 2023-ի լաւագոյն ֆութպոլիստ ընտրուեցաւ ՖԻՖԱ-ի կողմէ, երկուշաբթի գիշեր Լոնտոնի մէջ տեղի ունեցած տարեկան հանդիսութեան:
Ինթեր Մայեմիի ֆութպոլիստը չնչին առաւելութեամբ գերազանցեց 2-րդ դիրքը գրաւող Էրլինկ Հաալանտը (Մանչեսթըր Սիթի): Քիլիան Էմպափէ 3-րդ դիրքը գրաւեց:
Սպանիոյ 2023-ի մոնտիալի ախոյեան Այթանա Պոնմաթի շահեցաւ աղջկանց լաւագոյն ֆութպոլիստի տիտղոսը:
Մեսսի, որ 2022-ի տիտղոսն ալ շահած էր Արժանթինի ազգային խումբը առաջնորդելէ ետք դէպի մոնտիալի տիտղոս, Փարիզ Սեն Ժերմենի հետ շահած էր Ֆրանսայի «Լիկ 1»-ը, ապա ամրան միացած Միացեալ Նահանգներու Ինթեր Մայեմի խումբին: 36 տարեկան Մեսսի, որ քուէներ ստացած էր ազգային խումբերու մարզիչներէ, խմբապետներէ, լրագրողներէ եւ համակիրներէ, կրցած էր Միացեալ Նահանգներու լիկայի բաժակը շահիլ Մեքսիքայի եւ Էմ. Էլ. Էս.ի (Միացեալ Նահանգներու ախոյեանութիւնը) խումբերու մասնակցութեամբ, նշանակելով 10 կոլ:
Մեսսին ներկայ չէր ստանալու իր մրցանակը եւ կը գտնուէր Միացեալ Նահանգներ` պատրաստուելու համար Մայեմիի խումբին հետ յառաջիկայ ամիս սկսող ախոյեանութեան (Էմ. Էլ. Էս.):
Ըստ ՖԻՖԱ-ի, այս մրցանակի ժամանակաշրջանը կը սկսի 19 դեկտեմբեր 2022-էն մինչեւ 20 օգոստոս 2023, եւ սկսաւ մոնտիալէն վերջ (ըստ ՖԻՖԱ-ին): Հաալանտ, որ Մանչեսթըր Սիթիի հետ «Փրեմիըր լիկ», Անգլիոյ բաժակ եւ «Չեմփիընզ լիկ» շահած էր 52 կոլ նշանակելով 53 մրցումներու ընթացքին 2022-2023 տարեշրջանին, 2-րդ դիրքը գրաւեց քուէարկութեամբ: 23 տարեկան Հաալանտ նոյն կէտերը ունէր Մեսսիի նման, բայց որովհետեւ Մեսսի խմբապետներու կողմէ աւելի թիւ 1 քուէներ ունէր, եղաւ վերջնական յաղթականը:
Սիթիի մարզիչ Փեփ Կուարտիոլա շահեցաւ լաւագոյն մարզիչի տիտղոսը:
Սպանացի մասնագէտը, որ նախապէս 2008-2009 տարեշրջանին Պարսելոնայի հետ նոյն ձեւով երեք բաժակ շահած էր, իր տիտղոսը «նուիրեց» թեկնածուներ Սիմոնէ Ինցակիի եւ Լուչիանօ Սփալեթթիի:
Ինցակի Ինթեր Միլանը հասցուցած էր 2023-ի «Չեմփիընզ լիկ»-ի աւարտական, բայց տեղի տուած Սիթիի դիմաց 1-0 արդիւնքով, մինչ Սփալեթթի «Սերի Ա.»-ն Նափոլիի հետ շահած էր 33 տարի սպասելէ ետք:
Սարինա Վիկման (Նետերլանտներ) շահեցաւ աղջկանց լաւագոյն մարզիչի տիտղոսը` Անգլիոյ ազգային խումբը հասցնելով 2023-ի մոնտիալի աւարտականին, ուր պարտութիւն մը կրեց Սպանիայէն:
Անգլիոյ աղջկանց ազգային խումբի 7 մարզիկներ ներկայ էին լաւագոյն 11-ին մէջ, ներառեալ Մարի Ըրփսը, որ լաւագոյն բերդապահի տիտղոսը շահեցաւ:
Տղոց լաւագոյն բերդապահի տիտղոսը շահեցաւ Պրազիլի Էտերսոնը, որ Մանչեսթըր Սիթիի թրիպըլի (երեք տիտղոսներ) հերոսներէն էր:
Տղոց լաւագոյն 11-ի խումբին մաս կազմեցին բերդապահ Թիպօ Քուրթուա, յետսապահներ Ճոն Սթոնզ, Քայլ Ուոքըր եւ Ռոպեն Տիաս, միջնապահներ Պեռնարտօ Սիլվա, Ճուտ Պելինկհեմ եւ Քեւըն Տը Պրունիէ եւ յառաջապահներ Էրլինկ Հաալանտ, Քիլիան Էմպափէ, Լիոնել Մեսսի եւ Վինիսիուս Ճունիոր: