Հինգշաբթի գիշեր, Շիահի դաշտին վրայ, ՀՄԸՄ Անթիլիաս մրցում մը կատարեց ախոյեան Պէյրութ Ֆըրսթ խումբին դէմ, աղջկանց ախոյեանութեան 12-րդ հանգրուանին գծով:
Պէյրութի կազմը 75-52 արդիւնքով յաղթական դուրս եկաւ ՀՄԸՄ Անթիլիասի երիտասարդ խումբին դէմ:
ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջկանց խումբէն Փերլա Պու Նասր 24 կէտ եւ 11 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, մինչ Փաթիլ Ասատուրեան 16 կէտ եւ 6 ռիպաունտ կրցաւ ձեռք ձգել: Փերլա Ղաթթաս 7 կէտ աւելցուց ի նպաստ մեր աղջկանց խումբին, մինչ Եաշա Զէյնուն 6 էսիսթ կատարեց:
Պէյրութի կազմէն փայլեցան Տանիելա Ֆայյատ (23 կէտ եւ 10 ռիպաունտ), Մելոտի Սանեհ (18 կէտ եւ 12 ռիպաունտ), նախկին ՀՄԸՄ-ականներ Այտա Պախոս (11 կէտ) եւ Նաթալի Սվաճեան (10 կէտ):
ՀՄԸՄ Անթիլիասի յաջորդ մրցումը տեղի պիտի ունենայ երեքշաբթի, 16 յունուարին, երեկոյեան ժամը 19:30-ին, Մթայլեպի դէմ, այս վերջինիս Պըրժ Այնթուրա դաշտին վրայ:


