Ուրբաթ գիշեր, ՀՄԸՄ Անթիլիասի մեր աղջիկները 66-44 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեցին Անդրանիկի դէմ մրցումին եւ հասան ֆայնըլ ֆորի` աւարտելով բնական ախոյեանութեան մրցումները:
ՀՄԸՄ-ի 14-րդ յաղթանակը կերտուեցաւ շնորհիւ Փաթիլ Ասատուրեանի (20 կէտ, 6 սթիլ), Տիմա Շահինի (14 կէտ), Փերլա Պու Նասրի (10 կէտ եւ 11 ռիպաունտ), Մայսա Խալիլի (9 կէտ, 7 ռիպաունտ), Նարինէ Կէօքճեանի (5 կէտ), Եաշա Զէյնունի (4 կէտ, 7 ռիպաունտ), Փերլա Ղաթթասի (4 կէտ) եւ Ալիք Թապաքեանի, որ ձեռք ձգեց 5 ռիպաունտ:
Շաբաթ օր Շիյահի դաշտին վրայ «գագաթի մրցումը» իրար դէմ հանեց ախոյեան Պէյրութ Ֆըրսթ խումբը եւ Ռիատին:
Երթին, Ռիատիի դաշտին վրայ 3 կէտով յաղթական (53-56) Պէյրութ, մրցումի սկիզբէն տիրապետեց, մօտ 35 վայրկեան ալ մնաց անհասանելի, սակայն Ռիատի մօտեցաւ եւ 3 կէտով անցաւ ալ վերջին մասի կէսերուն, բայց եւ այնպէս Պէյրութ կրցաւ վերջին վայրկեանին խլել իր 18-րդ յաղթանակը, եւ ֆայնըլ ֆորին պիտի մրցի Չեմփսի դէմ, մինչ ՀՄԸՄ Անթիլիասի մրցակիցը պիտի ըլլայ Ռիատին:
Պէյրութի լաւագոյն մարզիկներէն էին ՀՄԸՄ Անթիլիասի նախկին մարզիկներ Նաթալի Սվաճեան (17 կէտ) եւ Այտա Պախոս (13 կէտ եւ 10 ռիպաունտ), ինչպէս նաեւ Միրամար Մոքտատ նշանակեց 15 կէտ:
Ռիատիէն նախկին ՀՄԸՄ-ականներ Ռեպեքքա Աքլ (21 կէտ) եւ Մեղրի Թորոսեան (6 կէտ) եղան լաւագոյն մարզիկներէն, Շերին Շրէյֆ 21 կէտ աւելցուց ի նպաստ Ռիատիի: